Monday May 20, 2013

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարին Ռուսիա 2012-2013-ին Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Յառաջընթաց Կ՛ակնկալէ

By adminx - Thu Aug 09, 7:42 am

Կրիկորի Քարասին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին «Գոլոս Ռոսսի» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Ռուսիա 2012-2013-ին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ յառաջընթաց կ՛ակնկալէ:

«Ասիկա չափազանց բարդ ու խճճուած նիւթ է, որ իր արմատները, իր պատմութիւնը ունի: Տագնապի լուծման ուղղութեամբ ջանքերը, ինչպէս նախապէս, պէտք է կեդրոնացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին վրայ», ըսած է Քարասին:

Ըստ անոր, թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ազրպէյճան ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ Ռուսիոյ մտերիմ գործընկերներն են: «Մենք կը գնահատենք թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները, եւ արդարացի կերպով կ՛ընենք կարելին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ կողմերու դիրքորոշումները մօտեցնելու համար», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Ըստ Քարասինի, Մինսքի խմբակի համանախագահները` Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան կ՛աշխատին շատ բարեխղճօրէն, կ՛այցելեն շրջան, հանդիպումներ կ՛ունենան Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, կ՛օգնեն հետագայ փաստաթուղթերու համար ընդունելի ձեւակերպումներ գտնելու:

«Մենք ամէն ձեւով կ՛աջակցինք այդ գործունէութեան, եւ յոյսով ենք, որ ատիկա շուտով շօշափելի արդիւնքի յանգեցնէ», ըսած է Քարասին:

Leave a Reply

Advertisement