Հեֆըրն Հայաստանին Կ՛առաջարկէ Փոխել Հասարակական Կազմակերպութիւններուն Վերաբերող Օրէնսդրութիւնը
By adminx - Thu Aug 09, 7:37 am
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն իր վիտէոպլոկին մէջ տեղադրուած տեսանիւթին միջոցով առաջարկած է փոխել հասարակական կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորման վերաբերող հայկական օրէնսդրութիւնը: Հեֆըրն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ վերջերս կատարուած գնահատման տուեալներով, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը հզօրութեամբ երկրորդն է նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններու շրջանին մէջ:
«Վերջերս մենք ականատես եղանք քանի մը արդիւնաւէտ արշաւներու, որոնց շրջագիծին մէջ հայերը կ՛առաջարկէին դրական փոփոխութիւններ: Յունիսին արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն եւ միջազգային հանրութիւնը իրենց գնահատանքը յայտնեցին բնապահպաններուն, որոնք բողոքի խաղաղ շարժումներու միջոցով պաշտպանած էին Թռչկանի ջրվէժը եւ յարակից պահպանուող տարածքը: Նոյն բնապահպաններու խումբին մէկ մասն ալ յաջողութիւն արձանագրեց Մաշտոցի այգիի կանաչ տարածքը պահպանելու հարցին մէջ: Քաղաքացիական հասարակութիւնը նաեւ աշխուժութիւն դրսեւորեց Երեւանի պատմական Փակ շուկային գծով: Բողոքի դուրս եկածները ընկերային ցանցերով ծաւալած հանրային իրազեկման արշաւի միջոցով առաջ քաշեցին շինարարական աշխատանքներու հետ կապուած հարցեր: Վերջերս ալ «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին պատճառով յառաջացաւ բողոքի մեծ ալիք մը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին պատասխանատուութեան ենթարկել ծեծելու միջոցով զինուորական բժիշկը մահուան հասցնելու դէպքին մեղաւորները: Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը կ՛աճի եւ ինչպէս նշուած օրինակները ցոյց կու տան, անիկա օրէ օր կը դառնայ աւելի հզօր եւ աւելի արդիւնաւէտ: Սակայն տակաւին շատ ընելիքներ կան», յայտնեց դեսպան Հեֆըրն:
Ըստ անոր, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան առջեւ դրուած խոչընդոտներէն մէկը մատուցած ծառայութիւններուն դիմաց վճարումներ ստանալու, իրաւական սահմանափակումն է այս կազմակերպութիւններուն համար, ինչ որ վերջիններուն թոյլ պիտի տար նիւթականապէս աւելի ապահովուած ըլլալ:
Հեֆըրն ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենք կ՛աջակցին հասարակական կազմակերպութիւններուն, մասնաւորաբար` հասարակական կազմակերպութիւնները կը նուազեցնեն հարկուող եկամուտներէն, իսկ այս կազմակերպութիւնները կրնան իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար ստանալ վճարումներ` առանց շահ հետապնդելու: «Հակառակ լուծման կարիք ունեցող խնդիրներուն, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը շատ բան ունի», ըսաւ Հեֆըրն:
«Մենք կ՛ողջունենք այն խիզախ ու նուիրեալ հայերը, որոնք ամէն օր եռանդագին կ՛աշխատին դրական փոփոխութիւններ ապահովելու նպատակով: Իսկ մենք, ուր որ կրնանք, ուրախութեամբ գործընկեր կը դառնանք, որպէսզի Հայաստանը դառնայ աւելի հզօր, բարեկեցիկ եւ աւելի ժողովրդավարական երկիր», յայտարարեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print



