Sunday May 19, 2013

Արցախի Բանակը Հիմնովին Կը Հերքէ Ազրպէյճանական Ստայօդ Քարոզչութիւնը

By adminx - Thu Aug 09, 7:36 am

Արցախի բանակը նախանցեալ օր հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ վերջերս ազրպէյճանական քարոզչամեքենային կողմէ հիւսուած հերթական հեքիաթը, թէ այդ երկրին պաշտպանութեան նախարար Ս. Ապիեւի անմիջական ղեկավարութեամբ մշակուած ռազմագործողութեան իբրեւ արդիւնք` 27 յուլիսին Մռով սարի ուղղութեամբ գրաւած են ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բարձունք մը, իսկ հոն եղած հայ զինուորներէն շատերը կամաւոր գերի յանձնուած են իրենց, ոչ այլ ինչ է, քան հիւանդ երեւակայութեան արգասիք:

Յայտարարութիւնը կ՛ըսէ, որ նշուած տեղեկատուութեան բովանդակութենէն կարելի է եզրակացնել, որ տուեալ հեղինակը, ինչպէս նաեւ այդ տեղեկութիւնը տրամադրած Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան «գաղտնի աղբիւրը» ոչ միայն չունին տարրական ռազմավարական ու մարտավարական մտածողութիւն, այլեւ զուրկ են աշխարհագրական դիրքը պատկերացնելու ունակութենէն: Ըստ յայտարարութեան, զաւեշտալի է, երբ յօդուածագիրը, յղում կատարելով այսպէս կոչուած տուեալ «ռազմագործողութեան» մասնակից սպաներէն մէկուն վկայութեան, կը նշէ, որ «գրաւուած» բարձունքէն լաւ կ՛երեւին Աղտարան (Մարտակերտը) եւ Քելբաջարը (Քարվաճառը) եւ այն բոլոր հոլովոյթները, որոնք տեղի կ՛ունենան հայկական հողերուն խորքը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ հակառակ անոր որ անշնորհակալ գործ է այսպիսի անլուրջ ապատեղեկատուութեան անդրադառնալը, սակայն հաշուի առնելով տարածուած հաղորդագրութեան նկատմամբ հասարակութեան դրսեւորած հետաքրքրութիւնը, Արցախի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքը կը յայտնէ հետեւեալը. «Իրականութեան մէջ, նախ` ազրպէյճանական կողմը իր վերահսկողութեան տակ բարձունք մը ունի ոչ թէ իր նախկին դիրքի յառաջամասին մէջ, այլ` թիկունքին: Երկրորդ` այսպէս կոչուած «ռազմագործողութեան» իբրեւ արդիւնք նոյն այդ «գրաւուած» դիրքին վրայ ազրպէյճանական բանակը ոչ թէ, ինչպէս իրենք կը հաղորդեն, կորուստներ պատճառած է հայկական զինուժին, այլ ընդհակառակն` միայն 29-31 յուլիսին ընթացքին իրենք տուած են 1 զոհ եւ 2 վիրաւոր: Երրորդ` «գրաւուած» բարձունքէն ոչ միայն կարելի չէ տեսնել Մարտակերտը կամ Քարվաճառը, այլեւ անիկա բացի ազրպէյճանական քարոզչութեան կողմէ յօրինուած եւ սեփական ժողովուրդը արհեստականօրէն ոգեւորելու դատարկախօսութիւն ըլլալէն, որեւէ ճշգրիտ ռազմավարական կամ մարտավարական նշանակութիւն չունի:

«Վերոնշեալը ամփոփելով նկատենք, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ազրպէյճանական քարոզչութիւնը, փորձելով իրեն յատուկ ոճով ցանկալին ներկայացնել իրականի փոխարէն, տակաւին յայտնուեցաւ իրեն համար արդէն սովորական դարձած խեղճուկ վիճակին մէջ: Իրողութիւն մը, որմէ դուրս գալու համար դրացի, բայց ոչ բարեացակամ երկրին պետական ու ոչ պետական քարոզչամիջոցներուն անհրաժեշտ է ապաւինիլ ոչ թէ դատարկ երեւակայութեան, այլ դէպքերու իրական զարգացման: Հակառակ պարագային կարծեցեալ գործողութիւններու մշակ զօրավար Ապիեւի զինուորները «գրաւեալ» բարձունքներէն կարելի է տեսնեն ոչ թէ Մարտակերտն ու Քարվաճառը, այլ իրենց գերագոյն ընդհանուր հրամանատարի նստավայր Պաքուն», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement