Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Տունդարձը Կը Մնայ Անորոշ
By adminx - Thu Aug 09, 7:32 am
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print
Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգեալներէն երկուքին փախուստին եւ անոնց գտնուած վայրին վրայ կատարուած յարձակումին մասին տեղեկութիւնները անճիշդ են:
Ան հաստատեց, որ առեւանգող կողմերը կապ հաստատած են իրենց հետ եւ արտօնած, որ առեւանգեալներէն մէկուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն հաստատուի` աւելցնելով, որ առեւանգեալ լիբանանցին շեշտած է, որ փախուստի լուրը շինծու է:
Շէյխ Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգեալներուն ընտանիքները մագլցողական քայլեր կատարելու տրամադրութեան մէջ չեն, այնքան ատեն որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ նշանակուած ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ իր ջանքերուն ձախողութիւնը չէ յայտարարած:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ թրքական իշխանութիւնները վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յայտնած են, որ 11 լիբանանցիներուն ազատ արձակումը ժամանակի կը կարօտի:
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print



