Սլէյման Թարապէյի Հետ Քննարկեց Դրամատնային Եւ Ելեւմտական Մարզերուն Իրավիճակը
By adminx - Thu Aug 09, 7:28 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն հետ քննարկեց երկրին դրամատնային եւ ելեւմտական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այն դերակատարութիւնը, զոր պէտք է ունենան դրամատուները` պահպանելու համար ազգային դրամանիշին արժէքը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Թամմամ Սալամ, որուն հետ հանրապետութեան նախագահը քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Սալամ նշեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանին ամէն ջանք ի գործ դնել քաղաքական զանազան տեսակէտներուն միջեւ մերձեցումներ կատարելու նպատակով: Ան շեշտեց, որ այդ մօտեցումը պիտի օժանդակէ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկման:
Սալամ զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած այն յայտարարութեան, թէ ընտրական նոր օրէնքը մշակուած է միայն Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ եւ կը ծառայէ միայն անոնց շահերուն:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Ժոզեֆ Հաշեմ, Ֆաուզի Սալլուխ եւ Իպրահիմ Տահեր: Քննարկուեցան այժմէական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պէյթէտտինի այցելուներէն եղաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց ամերիկեան-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print




