Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Thu Aug 09, 7:23 am
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print
ԸՍՏ «Նաշրա» կայքէջին, Սուրիոյ պաղեստինեան գաղթակայաններէն Լիբանան ժամանած 200 պաղեստինցի ընտանիքներ հաստատուեցան Այն Հելուէ:
«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները կրնան վերադառնալ իրենց յայտարարած բաց նստացոյցին, եթէ գոյացած համաձայնութիւնը գործադրելու պարագային խախտումներ արձանագրուին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 400 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիի յաւելում:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան այսուհետեւ պիտի չփակուի: Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ 11 լիբանանցիները առեւանգողներուն հետ բանակցելու կարելիութեան` Շարպել յայտնեց, որ իրենք չեն գիտեր, թէ անոնց պահանջները ի՛նչ են, որպէսզի ըստ այնմ բանակցին անոնց հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Շիլծը, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ քանատական բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Պշարա Մըրհեժ յայտնեց, որ վաւերացուած ընտրական նոր օրէնքը շինիչ եւ յանդուգն քայլ մը կը նկատուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը ձախող է եւ պիտի տապալի խորհրդարանին մէջ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական նոր օրէնքը խորհրդարանին վաւերացումին պիտի չարժանանայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսէֆ Սաատէ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքի պահպանումը քրիստոնեայ համայնքին դէմ գործուած ոճիր մըն է, մինչդեռ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը ամբողջ աշխարհին կողմէ ճանչցուած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր, նկատի ունենալով իր տան մօտ նետուած ձայնային ռումբը, յայտնեց, որ ինք անծանօթի դէմ դատական հարց պիտի յարուցէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ Հըզպալլա պատերազմ պիտի չբռնկեցնէ` ազատագրելու համար բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը:
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print



