Thursday May 23, 2013

«Իրանցի Պաշտօնատարներու Յայտարարութիւնները Անգարային Մտածելու Պատճառ Կու Տան» Կ՛ըսէ Էրտողան

By adminx - Thu Aug 09, 7:15 am

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ իրանցի որոշ պաշտօնատարներու Թուրքիոյ ուղղուած սպառնալիքները Անգարային մտածելու պատճառ կու տան:

«Մինչ բազմաթիւ երկիրներ Իրանէն երես դարձուցած են, Թուրքիա միշտ անոր սատարած է: Այդ կարգի արտայայտութիւններն ու սպառնալիքները Թուրքիոյ մտածելու պատճառ կու տան», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ վարչապետը նկատել տուած է նաեւ, որ Իրանի իշխանութիւնները նախ պէտք է Սուրիոյ նկատմամբ իրենց քաղաքականութեան մասին մտածեն եւ միայն ատկէ ետք Թուրքիոյ դիտողութիւններ ընեն:

Յիշեցնենք, որ երկուշաբթի օր իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Սայետ Հասան Ֆիրուզ Ապատին ըսած էր, որ եթէ Թուրքիա շարունակէ «Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հրահրիչ քաղաքականութեան նպաստել», ապա այդ երկիրը «յաջորդը պիտի դառնայ»: Ֆիրուզ Ապատի Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան մեղաւորներ  նկատած էր:

 

Leave a Reply

Advertisement