Մասաչուսեց Նահանգի Ներկայացուցիչներու Տունը Արցախի Անկախութեան Սատարող Բանաձեւ Մը Որդեգրած Է
By adminx - Wed Aug 08, 8:13 am
- 0 Comments
- 113 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը 6 օգոստոսին որդեգրած է նշեալ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճանըսըն Հեչթի պատրաստած բանաձեւը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղուի սատարելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումին եւ ժողովրդավար անկախութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան տարածած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ բանաձեւը կը դատապարտէ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ հայերու կոտորածները, ինչպէս նաեւ բռնարարքները, զորս Ազրպէյճան գործած է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումը պահանջող խաղաղ ցուցարարներուն դէմ:
Փաստաթուղթը կը շեշտէ, որ Ազրպէյճան իր թշնամական քայլերով ներկայիս եւս կը շարունակէ սպառնալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան:
Բանաձեւը բարձր կը գնահատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, հակառակ շարունակական բռնութիւններուն, 10 դեկտեմբեր 1991-ին համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով քուէարկեց յօգուտ անկախութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան:
Բանաձեւը կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի արձանագրած յաջողութիւնները ժողովրդավարութեան կառուցման ասպարէզին մէջ եւ այդ առումով մեծ քայլ կը նկատէ 19 յուլիս 2012-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները:
Այս առիթով Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ըսած է. «Շնորհակալ ենք Մասաչուսեցի Ներկայացուցիչներու տան Արցախի ազատութեան սատարող բանաձեւ որդեգրելու համար: Որդեգրելով այս բանաձեւը` Մասաչուսեցի օրէնսդիրները խրախուսած են մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ընդհանուր արժէքները: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք քոնկրեսական Հեչթին` այս հարցին մէջ իր ցուցաբերած վճռական ղեկավարութեան համար: Բարձր կը գնահատենք մեր հայրենակիցներ եւ երկարամեայ աջակիցներ Ճէյմս Գալուստեանի եւ Միտըլեսեքսի շրջանի շերիֆ Փիթըր Քութուճեանի մեծ նուիրուածութիւնը եւ շարունակական ջանքերը` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի շահերու հետապնդման»:
- 0 Comments
- 113 views
- Tweet
Email
Print



