Թանգարանի Արդարութեան Պալատին Հինգերորդ Յարկը Կը Հրկիզուի
By adminx - Wed Aug 08, 8:00 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Թանգարանի Արդարութեան պալատին հինգերորդ յարկին մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ պատճառեց 4 վիրաւորներ, որոնց շարքին էր նաեւ արդարութեան նախարարութեան տնօրէն Օմար Նաթուր, որ իսկոյն փոխադրուեցաւ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոց:
Հրդեհը պատճառեց նիւթական վնասներ, սակայն կարելի եղաւ զայն հակակշիռի տակ առնել:
Արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ հրդեհին առնչութեամբ հետաքննութիւն բացուած է, եւ պիտի ստուգուին փճացած նիւթերը, որոնց մէջ կրնան ըլլալ նաեւ դատական փաստաթուղթեր:
Արդարութեան պալատ այցելեց նաեւ դատախազ Սայիտ Միրզա:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



