Էրտողան. «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Կրնայ Չափը Գիտցնել Ահաբեկիչներու Չուանները Բռնող Թշնամի Երկիրներուն»
By adminx - Wed Aug 08, 7:54 am
- 0 Comments
- 97 views
- Tweet
Email
Print
«Մարմարա» կը գրէ, որ լուրերը յստակ չեն, բայց յայտնի է, որ օրերէ ի վեր իսկական ներքին պատերազմ մը կը մղուի Շեմտինլիի մէջ:
Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համաձայն, ասիկա թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած գործողութիւն է, բայց կը թուի, թէ պարզ գործողութենէ մը աւելին է այն, ինչ որ կը պատահի:
Մամլոյ ներկայացուցիչները քաջութիւն կամ տրամադրութիւն չունին մինչեւ այդ վայրերը երթալու ու կացութիւնը տեսնելու, արդէն արտօնութիւն ալ չկայ երթալու: Վարչապետ Էրտողան ըսաւ, որ տեղաշրջանի ամբողջ հսկողութիւնը թուրք զինեալ ուժերուն ձեռքն է, ո՛չ մէկ կէտ դուրսը կը մնայ բանակին հսկողութեան գօտիէն: 23 յուլիսէն ի վեր կը շարունակուին գործողութիւնները եւ, ըստ վարչապետ Էրտողանին, ցարդ սպաննուեցան 115 ահաբեկիչներ: Բանակը միայն երկու զոհ տուաւ: Անհիմն են այն լուրերը, որոնք կը հրատարակուին կարգ մը թերթերու կողմէ եւ որոնց համաձայն մեծ թիւով զոհեր տրուած են: Վարչապետ Էրտողան քննադատեց այս թերթերը եւ հարցուց. «Դուք ո՞ր կողմին թերթերն էք»: Մինչ Շեմտինլիի մէջ օրերէ ի վեր կը շարունակուին զինուորական «գործողութիւններ»-ը, անդին Հաքքարիի մէջ ալ ահաբեկիչները յարձակեցան ու ծանր վնասներ պատճառեցին: Վարչապետ Էրտողան ցաւակցական նամակ մը ղրկեց սպայակոյտի նախագահ զօր. Նեճտեթ
Էօզելին եւ այս նամակին մէջ շատ խիստ ու ցնցիչ արտայայտութիւններ ունեցաւ: Վարչապետը ուշադրութիւն հրաւիրեց ահաբեկչութեան զօրավիգ կանգնող կարգ մը երկիրներու վրայ եւ գրեց. «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ մեր ազնիւ ժողովուրդը բաւարար ուժ ունին, որպէսզի ահաբեկչական կազմակերպութեան չուանները իրենց ձեռքին մէջ բռնող թշնամի երկիրներուն ու շրջանակներուն չափը գիտցնեն»:
Երբ լրագրողներ հարցուցին, թէ որո՞նք են այդ «թշնամի» երկիրները, Էրտողան ըսաւ, որ հիմա կրնան անպատեհութիւններ ծագիլ, եթէ ինք այդ երկիրներուն անունները տայ:
- 0 Comments
- 97 views
- Tweet
Email
Print



