«Իրան Դիմադրութեան Առանցքի Քանդումը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Ժալիլի
By adminx - Wed Aug 08, 7:50 am
- 0 Comments
- 111 views
- Tweet
Email
Print
Մինչ հաղորդուեցաւ, որ Դամասկոսի մէջ իրանցի 48 ուխտաւորները առեւանգած կողմը կը սպառնայ սպաննել զանոնք, եթէ սուրիական բանակը իր յարձակումները չդադրեցնէ: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիական ազատ բանակն ու Միացեալ Նահանգները պատասխանատու նկատեց 48 առեւանգեալներուն ապահովութեան` հերքելով այն լուրերը, թէ անոնցմէ երեքը սուրիական բանակի մէկ յարձակումին ընթացքին սպաննուած են:
Թեհրան այս հարցով Իրանի մէջ ամերիկեան շահերուն հսկող Զուիցերիոյ դեսպանատան ճամբով պաշտօնական նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներուն:
Իրան նաեւ Քաթարէն ու Թուրքիայէն պահանջեց իրանցի առեւանգեալներու ապահովութիւնը պահպանելու հարցով իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնիլ եւ անոնց ազատ արձակման համար աշխատանք տանիլ:
Թրքական «Զաման» օրաթերթին կայքէջը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է իրանցի կարգ մը պաշտօնատարներու կողմէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Անգարա այցելութենէն ժամեր առաջ Թուրքիոյ հասցէին կատարուած ամբաստանութիւններով եւ սպառնալիքներով լեցուն յայտարարութիւնները:
Նշենք, որ իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Հասան Ֆէյրուզ Ապատի Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ Թուրքիան պատասխանատու նկատած էր Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան` զգուշացնելով, որ «այդ երկիրները կրնան Քայիտայի ահաբեկչութեան տարածման զոհը դառնալ»:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչ Սայիտ Ժալիլի Պէյրութէն Դամասկոս ուղղուեցաւ, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Ժալիլի Դամասկոսի մէջ յայտարարեց, որ «բոլոր անոնք, որ Սուրիոյ մէջ զինեալներուն կ՛աջակցին, ահաբեկչութեան գործընկերներ են»:
Ասատ Ժալիլիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա պիտի շարունակէ ազգային երկխօսութիւնը եւ իր ժողովուրդի կամքին շնորհիւ կարողութիւնը ունի դիմադրութեան առանցքը թիրախ դարձնող արտաքին ծրագիրները ձախողութեան մատնելու: Ան նշեց, որ սուրիացի ժողովուրդը եւ կառավարութիւնը վճռակամ են երկիրը ահաբեկիչներէ ձերբազատելու:
Ժալիլի իր կարգին Ասատին յայտնեց, որ «Իրան պիտի չարտօնէ քանդումը դիմադրութեան առանցքին, որուն մէկ մկանն է Սուրիան»: «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, ներքին հարց մը չէ, այլ` դիմադրութեան առանցքին եւ շրջանին ու աշխարհի վրայ այդ առանցքի թշնամիներուն միջեւ ճակատում մը»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Ժալիլիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին դատապարտեց Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական արարքները` վստահեցնելով, որ Դամասկոս իր ներուժը պիտի օգտագործէ Դամասկոսի մէջ առեւանգուած իրանցիներու ազատ արձակման համար:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ կէսօրէ ետք անակնկալ կարճատեւ այցելութեամբ մը Անգարա հասաւ` քննարկելու համար Դամասկոսի մէջ առեւանգուած իրանցիներու հարցը:
Մինչ այդ, Ազրպէյճան յայտարարեց, որ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը կը փակէ: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իլման Ապտելիեւ յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմի բոլոր անդամները բախումներուն պատճառով հեռացած են Սուրիայէն: «Սուրիոյ մէջ ազրպէյճանցի քաղաքացիներ չկան եւ դեսպանատան անձնակազմին վերադարձի թուականը անորոշ է», նշեց Ապտելիեւ:
Միւս կողմէ, Հալէպի Սալահէտտին թաղամասին մէջ սուրիական բանակը Զապիր մզկիթը իր վերահսկողութեան տակ առաւ: Երէկ բուռն բախումներ տեղի ունեցան նահանգապետարանի շէնքին, Սաատալլա Ժապերի հրապարակի շրջանին, Շարհիյա երկրորդական վարժարանի, ինչպէս նաեւ Աշրաֆիյէ, Ժալա եւ Վիլլեթ (Վիլլաներ) թաղամասերուն մէջ:
Հալէպահայերը «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին «Հալէպի լրատուական ցանց» էջին վրայ շտապ յայտարարութիւն տարածած են, որուն մէջ սուրիական կառավարութիւնը հայաբնակ Ժալա թաղամասի բնակչութեան կոչ կ՛ուղղէ` ականջ չտալ շրջանէն հեռանալու կասկածելի կոչերուն: Արաբերէնով տարածուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Յոյժ շտապ յայտարարութիւն, յատկապէս Ժալա թաղամասի բնակիչներուն համար: Շրջանէն հեռանալու որոշ առաջարկներ կան: Մեկնելով բնակիչներու եւ անոնց գոյքի անվտանգութենէն` անոնց կը յորդորենք տեղի չտալ այդ մտքերուն, մնալ տուներուն մէջ, դուրս չգալ եւ այդպէս պահպանել իրենց անվտանգութիւնը, ապահովութիւնն ու առաջնորդուիլ միայն պաշտօնական աղբիւրներով եւ ոչ թէ լրատուական կայքերով»:
Յայտարարութեան տակ կը նշուի, որ «քիչ առաջ» թաղամասի տարածքին մէջ օդային հարուածներ եղած են:
Հալէպի մէջ գործող զինեալները նաեւ փորձած են գրաւել հայաշատ Շէյխ Թահա թաղամասին մօտ գտնուող կառավարական շէնքերէն մէկը, որուն արգելք հանդիսացած են կառավարական ուժերը: Շուրջ երկու ժամ տեւած գործողութիւնը վերջ գտած է, երբ իշխանութիւնները օդուժ կիրարկած են եւ ետ մղած զինեալները:
Հալէպի մէջ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է Սուրիական ազատ բանակի մարտական հրամանատարը: Միաժամանակ թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ նշեալ գործողութիւններուն ընթացքին սպաննուած է նաեւ ազգութեամբ թուրք փաստաբան Օսման Քարահան, որ ժամանակին Քայիտայի անդամներու դատապաշտպանը եղած էր: Ան ամիսներ առաջ Սուրիա մեկնած է եւ անդամակցած զինեալ խմբաւորումներուն:
Միւս կողմէ, իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 15 զինուորական մեքենաներէ եւ ուղղաթիռէ մը բաղկացած թրքական ուժ մը մուտք գործած է սուրիական Ճարապլոս քաղաքը: Հիւսիսային իրաքեան լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ այդ ուժերը ուղղուած են Եփրատ գետի մէկ կղզիին վրայ գտնուող Ժաապար դղեակը` այդտեղ թրքական պահակագունդի հերթափոխութեան համար: Թրքական «Սապահ» օրաթերթը նշեց, որ Ճարապլուսի հարաւը եւ Հալէպի արեւելքը գտնուող այդ դղեակը ըստ 1921-ին թուրք-ֆրանսական համաձայնութեան մը սուրիական հողերուն մէջ թրքական տարածք մը կը նկատուի, որովհետեւ Օսման Ա. սուլթանի շիրիմը այդտեղ կը գտնուի, իսկ նշեալ պահակագունդը այդ շիրիմը կը պահպանէ:
- 0 Comments
- 111 views
- Tweet
Email
Print




