Saturday May 18, 2013

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Անդամներ Հանդիպում Ունեցած Են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչին Հետ

By adminx - Wed Aug 08, 7:39 am

«Ապառաժ» կը հաղորդէ, որ երէկ առաւօտեան ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան 10 երիտասարդներ, որոնք արդէն 10 օրէ ճամբար կազմակերպած են Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ, հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Արցախի  Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի հետ:

Ճամբարի պատասխանատուն ներկայացուցած է ճամբարի  առօրեան  եւ Արցախէն ունեցած իրենց տպաւորութիւնները:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը լուսարձակի տակ առած է նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը եւ յոյս յայտնած,  որ ԶՈՄ-ականներուն այս քայլը իր իւրայատուկ նշանակութիւնն ու դերակատարութիւնը ունենայ Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ:

 

Leave a Reply

Advertisement