Էտի Եղիայեանի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքերու Հաւաքածոն Ներկայիս Համացանցին Ճամբով Տրամադրելի Է
By adminx - Tue Aug 07, 7:48 am
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print
«Ամինֆօ» կը հաղորդէ, որ Հայկական յիշողութեան կեդրոնի գիրքերու հաւաքածոյի բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, որ իմաստասիրութեան դոկտորայի աստիճանի տիրացած Էտի Եղիայեանի Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքերու հաւաքածոն ներկայիս տրամադրելի է համացանցի հետեւեալ կապին վրայ http://www.centerar.org/bibliography:
Հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ համաշխարհային օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ լոյս տեսած նիւթեր, ինչպէս նաեւ զինուորականներու եւ քաղաքագէտներու զեկուցումներ, նամակներ, օրագրութիւններ եւ յուշեր, ականատեսներու վկայութիւններ, միսիոնարներու, պաշտօնատարներու եւ դիւանագէտներու գրութիւններ, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն արխիւային նիւթեր, ինչպէս նաեւ հետազօտութիւններ:
Նիւթերը կը ներկայացուին դիւրամատչելի ձեւով:
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print



