Sunday May 26, 2013

«Մեր Մարզիկներուն Պարտութիւնները Պարտաւորեցուցին Ուժերէս Աւելի Պայքարելու» Կ՛ըսէ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան

By adminx - Tue Aug 07, 6:03 am

Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի առաջին մետալը (պրոնզ) նուաճած ծանրաբարձ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան ըսաւ, որ ինք իր ամբողջ կեանքին ընթացքին այսպիսի ուրախութիւն, այսպիսի ապրումներ չէ ունեցած: 15 տարի մարզուած է, բայց այսպիսի յաջողութիւններ չէ ունեցած:

«Ես շատ ուրախ եմ: Պարզապէս, երջանիկ եմ: Ես շատ կ՛ուզէի հայկական ծանրաբարձութեան մէջ յառաջացած սառոյցը կոտրել: Մեր տղաներուն եւ Մելինէի պարտութիւնները պարտաւորեցուցին` նոյնիսկ ուժերէս աւելի պայքարելու: Մեծ դժուարութեամբ ես նուաճեցի մետալը: Տարի մը առաջ աշխարհի ախոյեանութեան ժամանակ ձեռքերուս մկանները վիրաւորեցի: Վիրահատութենէն ետք ես վերադարձայ եւ յաջողեցայ պարտութեան մատնել ողիմպիական ախոյեանը: Այս յաղթանակը մէջս հաւատք յառաջացուց, որ օր մը ես ողիմպիական մետալով պիտի պարգեւատրուիմ: Մրցումի ատեն ես այդ ոգիով կը պայքարէի: Ես ուրախ եմ իմ յաղթանակիս համար, Հայաստանի դրօշը ծածանելու պատիւին համար: Կը կարծեմ, որ առաջին օրերու ձախողութիւնները անցած են: Կ՛ուզեմ, որ հետագային ըլլան ոսկի մետալներ», ըսաւ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան հարցազրոյցի մը ընթացքին: Պատասխանելով այն հարցումին թէ ի՞նչ կը զգար պարգեւատրման պահուն, Հռիփսիմէ ըսաւ.

«Մարմինէս դող կ՛անցնէր: Կարծես երազի մէջ ըլլայի: Այդ պրոնզը ինծի համար ոսկիի գին ունի: Նոյնիսկ մինչեւ հիմա չեմ հաւատար, որ երազս իրականացած է: Ես մետալս կը նուիրեմ իմ հայ ազգիս, քրոջս, որ երեխայ ունեցաւ եւ նշանածիս»:

Վերջաւորութեան Հռիփսիմէ Խուրշուտեան ըսաւ.

«Հաւանաբար կ՛ամուսնանամ այս տարեվերջին: Բայց մարզական ասպարէզս չեմ ընդհատեր: Ես պիտի շարունակեմ զբաղիլ ծանրաբարձութեամբ, որովհետեւ իմ մարզական ասպարէզիս գլխաւոր նպատակին չեմ հասած: Ատիկա ողիմպիական ախոյեանի կոչումն է, Հայաստանին ոսկի մետալ նուիրելը»:

 

Leave a Reply

Advertisement