Ողիմպիականէն Դրուագներ
By adminx - Tue Aug 07, 6:01 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Ազրպէյճան Կը Ստանայ 9 Միլիոն
Տոլարի Կաշառքի Պտուղները
Ոչ արհեստավարժ բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասիոնը չբաւարարեց Պիելոռուսիոյ պատուիրակութեան բողոքը եւ հաստատեց ողիմպիականներու բռնցքամարտի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին Քոռնիեւ – Մամետով (Ազրպէյճան) մենամարտի արդիւնքը: 91 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ ազրպէյճանցիին յաղթանակ շնորհուած էր «լրացուցիչ ցուցանիշներով», թէեւ Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչ Քոռնիեւ հսկայական առաւելութիւն ունեցած էր: Տակաւին 2011 թուականին «Պի. Պի. Սի.»-ի լրագրական հետաքննութիւնը պարզած էր, որ Ազրպէյճան կը պատրաստուի գնել Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալները բռնցքամարտի մէջ: Բրիտանացի լրագրողները բացայայտած էին, որ Ազրպէյճան 9 միլիոն տոլար փոխանցած է Ոչ արհեստավարժ բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասիոնի «Ուորլտ Սիրիզ Պոքսինկ» ստորաբաժանումին: Ազրպէյճան երաշխաւորած էր 30-րդ ողիմպիական խաղերու 2 ոսկի մետալ: Միջազգային ֆետերասիոնը հաստատած էր գումարին փոխանցման փաստը, սակայն չէր ընդունած մեղադրանքները:
Քիչ մը տարօրինակ չէ՞:
Ազրպէյճանի «Յարգարժան»
Նախագահը Սուսիկ-Փուսիկ Հեռացաւ
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ Լոնտոն մեկնած էր սաստելու համար ձախող արդիւնքներ արձանագրող ազրպէյճանցի մարզիկները, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքին Ճուլֆալակեան – Ահմատով կիսաւարտականէն առաջ դահլիճէն հեռացաւ:
Այս մասին ողիմպիականի փոխախոյեան Արսէն Ճուլֆալակեան իր դիմատետրի էջին մէջ հետեւեալը գրած է.
«Պատմեմ ամէնէն հետաքրքրական պահը ազրպէյճանցի մարզիկին հետ գօտեմարտելու ժամանակ, աւելի ճիշդ, նախքան մրցումը: Ազրպէյճանցիներու «յարգարժան» Ալիեւ նախագահը եւս կը գտնուէր դահլիճին մէջ եւ մեր գօտեմարտէն առաջ կը հարցնէ ըմբշամարտի մասնագէտներուն, թէ «այս հայը ուժե՞ղ է»: Անոնք կ՛ըսեն. «Այո՛, շատ»: Ալիեւ կ՛ըսէ. «Եթէ այդպէս է, աւելի լաւ է ես երթամ»: Եւ սուսիկ-փուսիկ կը հեռանայ»:
Յիշեցնենք, որ Արսէն Ճուլֆալակեան (74 քկ) յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցաշարքի կիսաւարտականին 5-0 արդիւնքով տապալեց ազրպէյճանցի Էմին Ահմատովը, իսկ աւարտականին 1-0 արդիւնքով պարտուելով ռուս Ռոման Վլասովէն, նուաճեց արծաթ մետալը:
Բժիշկները Պարզեցին Չինացիներուն
Յաջողութեան Գաղտնիքը
Ողիմպիական Խաղերուն
Արեւելեան աւանդական բժշկութեան հիմնարկի գլխաւոր բժիշկ Վլատիմիր Փոտափով եւ Ռուսիոյ բժշկակենսաբանական գործակալութեան ղեկավար Վլատիմիր Ույպան յայտարարեցին, որ իրենց յայտնի է ողիմպիական խաղերուն չինացիներուն յաջողութեան գաղտնիքը:
Մասնագէտները կը նշեն, որ չինական համակարգը առած է նախկին Խորհրդային Միութեան մարմնամարզի օրինակը: Բժիշկները չինացիներու յաջողութեան գաղտնիքին մասին այսպէս պատմեցին.
«Առաջին գործօնը առողջ ապրելակերպն է: Այդ համակարգը կ՛ապահովէ կեանքի համապատասխան օրինակը` շրջակայ միջավայրի դերն ու սնունդը: Ճիշդ սնունդը մեծ դեր կը կատարէ չինացիներու մարմնի յօրինուածքին, կազմին մէջ: Երկրորդ գործօնը ախտաբանական ծանրաբեռնուածութեան բացակայութիւնն է: Այս մեթոտը պէտք է կիրարկուի բժիշկին կողմէ: Գործուն կերպով կը կիրարկուի ասեղնաբուժութիւնն ու լարուածութեան յաղթահարումը աւանդական միջոցներով: Կը կիրարկուի մարմնի յօրինուածքի, կազմի մաքրումը բջիջային մակարդակի վրայ: Իսկ ինչ կը վերաբերի մարզիկներու պատրաստման համակարգին, ատիկա առնուած է խորհրդային համակարգէն»:
Պոլթի Յաղթանակը Քանի Մը Միլիոն
Վնաս Պատճառեց Գրաւի Գրասենեակներուն
100 եւ 200 մեթր վազքի աշխարհի ախոյեան Ե. Պոլթի յաղթանակին պատճառով քանի մը 100 միլիոն տոլար կորսնցուցին: Ողիմպիական մրցանիշով (9.63 երկվայրկեան) ախոյեան հռչակուած Պոլթի յաղթանակի գործակիցը 1.2 էր: Միլիոնաւոր մարդիկ գրաւ դրած էին Պոլթի յաղթանակին վրայ:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



