Thursday Jun 20, 2013

Երեւանի Քաղաքապետը Ընդունեց Համաշխարհային Սկաուտական Շարժման Ընդհանուր Քարտուղարը

By adminx - Tue Aug 07, 7:51 am

Մարգարեան` սկաուտական պատուիրակութեան հետ

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայկական սկաուտութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով մայրաքաղաք ժամանած Համաշխարհային սկաուտական շարժման ընդհանուր քարտուղար Լիւք Փանիսոտի հետ: Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ համաշխարհային եւ շրջանային սկաուտական շարժման պատուիրակութեան անդամներ:

Ողջունելով հիւրերը եւ կարեւոր նկատելով սկաուտական շարժման դերակատարութիւնն ու առաքելութիւնը` Տարօն Մարգարեան ընդգծեց, որ տարիներ շարունակ տարբեր ձեռնարկներու շրջանակին մէջ Երեւանի քաղաքապետարանը մշտապէս աջակցած է կառոյցին եւ այժմ ալ պատրաստ է իր լիազօրութիւններուն շրջագիծին մէջ շարունակելու համագործակցութիւնը եւ օժանդակելու կառոյցին նոր ծրագիրներու կեանքի կոչման հարցին մէջ:

Leave a Reply

Advertisement