Wednesday May 22, 2013

Նախնական Տուեալներով` Թալինի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ Սարգիս Արամեան

By adminx - Tue Aug 07, 7:50 am

Թիւ 15 ընտրատարածքային ընտրական յանձնախումբի նախագահ Յովհաննէս Ասատրեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ կիրակի օր տեղի ունեցած արտակարգ ընտրութիւններուն ընթացքին, նախնական տուեալներով, Թալինի քաղաքապետ ընտրուած է իշխող Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Սարգիս Արամեան:

Սարգիս Արամեան ստացած է 1217 ձայն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան թեկնածու Վազգէն Խաչատրեան` 917, ինքնաառաջադրուած թեկնածու` հանրապետական պատգամաւոր Մնացական Մնացականեանի աջակցութիւնը վայելող Վորոշ Խաչատրեան` 840: Ինքնաառաջադրուած անկուսակցականներ` Գագիկ Կարապետեանի օգտին քուէարկած են 190, իսկ Էդուարդ Գրիգորեանի օգտին` 28 ընտրողներ:

 

Leave a Reply

Advertisement