Նասա-ի Տիեզերական Սարքը Էջք Կատարած Է Հրատի Վրայ
By adminx - Tue Aug 07, 7:24 am
- 0 Comments
- 97 views
- Tweet
Email
Print
ՆԱՍԱ-ի «Քիւրեոզիթի» («Հետաքրքրութիւն». «Ա.») սարքը երէկ առաւօտ հասած է իր նպատակին` էջք կատարելով Հրատ մոլորակին վրայ: Յաջող էջքին մասին տեղեկութիւնը տարածուած է ՆԱՍԱ-ի կայքէջին վրայ:
Սարքի հիմնական նպատակը նախապէս գոյութիւն ունեցած կամ ներկայիս գոյութիւն ունեցող կեանքի ապացոյցներու փնտռտուքն է, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել կարմիր մոլորակին երկրաբանութիւնն ու կլիման:
ՆԱՍԱ-ի գիտնականները վստահ են, որ այս կարեւոր տեղեկութիւնները ստանալու գլխաւոր գրաւականը սարքի ճշգրիտ վայր եւ ժամանակին կատարուած էջքն է, ինչ որ իրականացած է անդրձայնային անկարգելի միջոցով:
Նախապէս գիտնականներ յայտարարած էին, որ եթէ էջքի ընթացքին որեւէ սխալ բան պատահի, ապա իրենց բաւական թանկարժէք նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ կը տապալի:
- 0 Comments
- 97 views
- Tweet
Email
Print



