Պէյթէտտինի Մէջ Կառավարութիւնը Այսօր Կը Շարունակէ Քննարկել Ընտրական Օրէնքը
By adminx - Tue Aug 07, 7:42 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ ընտրական օրէնքը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար, նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կազմուած է վեց անդամնոց յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Միքաթիի:
Այս յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ արագ եւ գործնական այլընտրանքներ գտնել Հերմելի մէջ արգիլուած ցանքերու փճացման փոխարէն:
Կառավարութիւնը յանձնախումբին մէկ ամսուան պայմանաժամ ճշդեց առաջարկներ ներկայացնելու իմաստով:
Ապու Ֆաուր յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը ընդգծած է օրէնքի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` թմրեցուցիչի ցանքերը փճացնելու առումով:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ հակառակ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն վերաբերող բոլոր յայտարարութիւններուն, լիբանանեան պետութիւնը կը շարունակէ զանոնք տուն վերադարձնելու ջանքերը:
Ապու Ֆաուր նշեց, որ ընտրական օրէնքին առումով կառավարութիւնը վաւերացուց ընտրութիւններուն ֆինանսաւորման, ընտրապայքարի յատուկ գումարներուն, քարոզչական արշաւին յատուկ գումարներուն, մամլոյ անդրադարձին, քուէարկութեան մանրամասնութիւններուն եւ կիներուն յատկացուելիք 10 առ հարիւրի չափաբաժինին վերաբերող հարցեր:
Ապու Ֆաուր նշեց, որ այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին ընտրական օրէնքին վերաբերող շարք մը այլ կէտեր, ինչպէս` ընտրաշրջանները եւ այլն:
Ապու Ֆաուր նշեց, որ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարները նիստին ընթացքին հաստատեցին, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը մասնակի բարեկարգում կը նկատուի:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութեան անդամները տարակարծիք են ընտրաշրջաններուն չափերուն իմաստով` աւելցնելով, որ այսօրուան նիստին ընթացքին քուէարկութիւն պիտի կատարուի այդ գծով:
Պատասխանելով նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումին մասին հարցումի մը` Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ այդ հանդիպումը նախապէս ճշդուած է եւ ընտրաշրջաններուն հետ ոչ մէկ կապ ունի:
Նշենք, որ կառավարութեան նիստը աւարտելէ առաջ, նախագահ Սլէյման դուրս եկաւ նիստէն` հանդիպելու համար Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print




