Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Փակեցին Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Ճամբան
By adminx - Tue Aug 07, 7:39 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ երեկոյեան փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան` իբրեւ բողոք լիբանանեան պետութեան կողմէ իրենց հարազատներուն թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումին:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ նաեւ, որ անոնք Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ վրաններ լարած են եւ բաց նստացոյց յայտարարած:
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգեալներուն հարազատներուն կողմէ մագլցողական այդ քայլերը շատ բնական են, որովհետեւ մարդկութիւնը կ՛ենթադրէ, որ բոլոր լիբանանցիները փողոց իջնեն: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ տակաւին այս քայլերը սկզբնական կը սեպուին եւ ոչ թէ մագլցողական:
«Եթէ պետութիւնը որոշ քայլերու չնախաձեռնէ, ապա մենք մագլցողական քայլերու պիտի դիմենք», ըսաւ շէյխ Զղէյպ:
Նշենք, որ առեւանգեալներուն հարազատները նման քայլերու մղեց առեւանգեալ լիբանանցի Ապպաս Շըհէյպի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը` «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ան կոչ ուղղած էր Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն քայլեր որդեգրելու` զիրենք ազատ արձակելու նպատակով:
Ան հաստատեց, որ իրենք ապահով են եւ հանգիստ:
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print



