Thursday May 23, 2013

Ժալիլի Ընդգծեց Լիբանանի Կարեւորութիւնը` Շրջանին Ապահովական Կայունութեան Իմաստով

By adminx - Tue Aug 07, 7:38 am

Նախագահ Սլէյման եւ Ժալիլի

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլի երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Պէյրութ, ուր դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի կողմէ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ժալիլի յայտնեց, որ պաշտօնական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ  երկկողմանի յարաբերութիւնները լաւ են, խոր եւ ռազմավարական, յատկապէս` քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ:

Ժալիլի ընդգծեց, որ Լիբանանը այսօր յայտնի է իբրեւ Դիմադրութեան խորհրդանիշ` աւելցնելով, որ շրջանային եւ միջազգային առումով Լիբանան լուրջ դերակատարութիւն կ՛ունենայ Դիմադրութեան աշխատանքին մէջ: «Մենք եղբայրական Լիբանանի նկատմամբ յարգանք կը տածենք, որովհետեւ ան Դիմադրութեան խորհրդանիշ է եւ որովհետեւ ան հիմնական խարիսխ է շրջանի ապահովական կայունութեան», ըսաւ ան:

Ժալիլի շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան շրջանային կայունութեան ամրապնդումին:

Պէյթէտտինի Մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Ժալիլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Սուրիոյ զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ օգոստոսի աւարտին Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք Ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ժալիլի դրուատեց Դիմադրութիւնը` նկատել տալով, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել զայն, որպէսզի կարելի ըլլայ պայքարիլ իսրայէլեան ախորժակներուն դէմ:

Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու գաղութատիրական կարգ մը այլ ուժեր եւ բռնատիրական վարչակարգեր շրջանին հարցերուն մեծ տոկոսը կը կազմեն եւ չեն կրնար շրջանին հարցերը լուծել:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին Պէյթէտտինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ժալիլիի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Պըրրիի Մօտ

Ժալիլի եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժալիլին, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ տեղական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ժալիլի շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի վկայած իսլամական զարթօնքը Դիմադրութեան համար փայլուն առիթ է:

Նշենք, որ Ժալիլի այցելեց նաեւ Դիմադրութեան նահատակ զինուորական ղեկավարներէն Իմատ Մուղնիէի ու զոհուած այլ մարտիկներու դամբարանները եւ ծաղկեպսակներ զետեղեց անոնց շիրիմներուն` զանոնք նկատելով իսլամական զարթօնքին ռահվիրաները, որոնք ամբողջ աշխարհին փաստած են Իսրայէլի տկարութիւնը:

Մուղնիէի դամբարանը այցելած պահուն Ժալիլի խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ 48 իրանցի ուխտաւորներուն առեւանգումը` ցաւ յայտնելով, որ կացութիւնը այնքան վատթարացած է, որ անզէն քաղաքացիներ չեն կրնար ուխտավայրերու այցելութիւններ տալ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ներկայ զգայուն պայմաններուն ընթացքին Ժալիլիի կատարած այցելութիւնը փափաքելի չէ: Ան ըսաւ, որ Ժալիլիի այցելութիւնը կը հակադրուի լիբանանցիներուն շահերուն:

«Իրան պէտք է լաւ գիտնայ, որ իր բոլոր սպառնալիքներով հանդերձ պիտի չկարենայ խուսափիլ իր դաշնակիցին` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն», աւելցուց ան:

Leave a Reply

Advertisement