Sunday May 19, 2013

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Սպանիոյ Դեսպանը

By adminx - Tue Aug 07, 7:36 am

Սպանիոյ դեսպանը եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «ով որ աւելի լաւ կառավարական կազմ մը ունի թող ներկայացնէ եւ ես պատրաստ եմ հրապարակը բաց ձգելու»:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ինք կառչած կը մնայ կառավարութեան` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ 14 սուրիացի քաղաքացիներուն արտայանձնումին ստեղծած աղմուկէն ետք, որոշուած է վերջ տալ սուրիացիներուն արտայանձնումին:

Վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Մելակրոս Հեռնանտոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:

Leave a Reply

Advertisement