Քոնելլի. «Այնքան Ատեն Որ Պաշշար Ասատ Իշխանութեան Վրայ Է` Լիբանանի Սահմաններուն Վրայ Բռնարարքները Պիտի Շարունակուին»
By adminx - Tue Aug 07, 7:35 am
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ հզօր յարաբերութիւն կայ` աւելցնելով, որ իր կարծիքով սուրիական բանակը չէ, որ մարզած է լիբանանեան բանակը: «Սակայն մենք պատրաստ ենք լեցնելու այդ բացը եւ յանձնառու կը մնանք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ մեր պարտականութիւնն է օժանդակել բանակին` գործադրելու համար միջազգային այդ բանաձեւը», ըսաւ Քոնելլի:
Անդրադառնալով Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ 14 սուրիացիներուն արտայանձնումին, Քոնելլի նշեց, որ Ուաշինկթըն միջամուխ չ՛ըլլար այդ հարցին, սակայն խիստ նեղացած է 14 սուրիացիներու արտայանձնումին որոշումէն, որովհետեւ անոնցմէ ոմանք չէին փափաքեր Սուրիա վերադառնալ: Ան աւելցուց, որ կան մեծ թիւով միջազգային հաստատութիւններ, որոնց հետ կարելի էր խորհրդակցիլ, նախքան 14 սուրիացիներուն արտայանձնումը:
Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան` Քոնելլի հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ լաւատեղեակ են, թէ օրինական այս ելքերը երկար ժամանակի կը կարօտին եւ Միջազգային դատական ատեանին եօթնամեայ գործունէութիւնը երկար ժամանակ չի սեպուիր: Ան նշեց, որ ինք համոզուած է, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին գոյութիւնը կամ քայքայումը ուղղակիօրէն կապուած է այս թղթածրարին հետ:
Քոնելլի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կառչած կը մնան Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան:
Սուրիոյ տագնապին առումով ամերիկացի դեսպանը նշեց, որ իրենք կը հասկնան Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը, սակայն աւելցուց, որ այնքան ատեն որ Պաշշար Ասատ իշխանութեան վրայ է` Լիբանանի սահմաններուն վրայ բռնարարքները պիտի շարունակուին:
ՆՇԵՆՔ, որ Քոնելլի երէկ այցելեց նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց երկրին եւ շրջանին իրադարձութիւնները:
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print




