Wednesday Jun 19, 2013

«Անանի Հրաժարականը Միջազգային Դիւանագիտութեան Մեծ Ձախողութիւն Է» Ըսաւ Պըն Հըլլի

By adminx - Tue Aug 07, 7:26 am

Ահմետ պըն Հըլլի

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի իր պաշտօնէն հրաժարիլը «միջազգային դիւանագիտութեան մեծ ձախողութիւն» մըն է` շեշտելով, որ արաբական երկիրները պէտք է Սուրիան իր ներկայ «դժոխային» կացութենէն դուրս բերելու բոլոր միջոցները քննարկեն:

Պըն Հըլլի ըսաւ, որ Արաբական լիկան պէտք չէ այդ ձախողութեան մասնակից դառնայ, այլ` սուրիական տագնապի լուծման իր ջանքերը շարունակէ: «Արաբական լիկան պիտի շարունակէ սուրիական տագնապին քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծում մը գտնելու իր ջանքերը եւ որեւէ պատրուակի տակ, ըլլայ այդ լիկայէն կամ միջազգային ընտանիքէն, պէտք չէ ձեռքը Սուրիոյ մէջ կատարուածէն քաշէ», ընդգծեց պըն Հըլլի:

Թրքական «Միլլիյեթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ իրականութեան չի համապատասխաներ այն տեղեկութիւնը, թէ Հալէպի մէջ թրքական բանակէն զօրավար մը ձերբակալուած է:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ իրականութեան չի համապատասխաներ նաեւ այն, թէ Հալէպի մէջ ձերբակալուած թուրք զօրավարը պիտի փոխանակուի Դամասկոսի մէջ առեւանգուած 48 իրանցիներու հետ: «Իրանի արտաքին գործոց նախարար պրն. Սալեհին հեռաձայնած է մեր նախարարին` խնդրելով օգնել առեւանգուած 48 իրանցի ուխտաւորները գտնելու գործին մէջ: Մեր նախարարը նախկինին պէս նշած է, որ այդ խնդիրին մարդկային տեսանկիւնէն կը մօտենայ եւ ջանքեր պիտի գործադրէ այդ ուղղութեամբ», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Արաբերէնով «Ալամ» եւ անգլերէնով «Փրես Թի.Վի.» իրանեան պատկերասփիւռի կայանները հաղորդած էին, որ սուրիական բանակը Հալէպի մէջ ձերբակալած է թուրք եւ սէուտցի 7 սպաներ, որոնք զինեալ ընդդիմադիրներու գործողութիւնները կը ղեկավարէին:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ, յայտնած էր, որ Հալէպի մէջ ձերբակալուած է թուրք զօրավար մը, որ աւելի ուշ Դամասկոս տեղափոխուած է:

Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի ղեկավար Ապտել Պասեթ Սիտա «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «նոր Սուրիան բոլորին պէտք ունի եւ բոլորին պիտի ըլլայ»` նշելով, որ «կ՛ողջունենք, կը զօրակցինք եւ կապի մէջ ենք բոլորին հետ, որպէսզի ապագայ Սուրիոյ մէջ բոլորը տեղ ունենան»:

Ան նշեց, որ «բոլոր ջանքերը Հալէպի վրայ կեդրոնացած են, որովհետեւ մեր ճակատամարտին մէջ վճռորոշ հանգրուան է»:

Մինչ այդ, երէկ Սուրիոյ նոր նշանակուած վարչապետին շուրջ հակասական տեղեկութիւններու շրջանառութիւն տեղի ունեցաւ. մինչ սուրիական իշխանամէտ աղբիւրներ անոր պաշտօնազրկման մասին խօսեցան, ընդդիմադիր աղբիւրներ պնդեցին, որ ան վարչակարգէն անջատուած է: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նոր նշանակուած վարչապետ Ռիատ Հիժապ պաշտօնազրկուած է եւ Օմար Ղալաուանժիի վստահուած է կառավարութեան աշխատանքները ժամանակաւորապէս վարելու պարտականութիւնը: Սակայն սուրիական ընդդիմադիր շրջանակներ, «Ժազիրա» եւ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանները հաղորդեցին, որ Հիժապ սուրիական վարչակարգէն անջատուելով իր ընտանիքին հետ Յորդանան ապաստանած է եւ աւելի ուշ Քաթար պիտի տեղափոխուի: «Մայատին» հաղորդեց, որ Յորդանանի կառավարութիւնը հերքած է, թէ Հիժապ յորդանանեան հողամասեր մուտք գործած է, իսկ լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, որ Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարարը հերքած է, թէ Հիժապ Յորդանան մուտք գործած է: Միւս կողմէ, «Մանար» եւ իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանները պնդեցին, որ Հիժապ վարչակարգէն չէ անջատուած, ան իր պաշտօնազրկութեան մասին տեղեակ պահուած է մէկ օր առաջ եւ այժմ Դամասկոս կը գտնուի:

Նշենք, որ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Հիժապի հետ երեք այլ նախարարներ վարչակարգէն անջատուած են: Աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնած են, թէ անոնցմէ մէկը Լիբանան կը գտնուի եւ ապաստան ստանալու համար Թուրքիոյ հետ կապ հաստատած է: Սուրիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Ժալիլանի սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց վարչակարգէն անջատուած եւ ձերբակալուած ըլլալուն լուրերը: Սուրիոյ վաքըֆներու նախարարը իր կարգին հերքեց վարչակարգէն իր անջատման լուրը:

Ապահովական գետնի վրայ, երէկ Դամասկոսի մէջ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի շէնքին երրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ ռումբի պայթում մը, որ վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ պատճառեց, իսկ Հալէպի Սալահէտտին թաղամասին մէջ սպասողական վիճակ կը տիրէր, սակայն բախումներ տեղի ունեցան Սուքքարի թաղամասին մէջ: Նշենք, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին բախումներու դաշտը ընդլայնելով ներառած էր Հալէպի բերդի շրջանը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, սուրիական բանակը Հալէպի մէջ սպասուած իր գործողութեան պիտի չձեռնարկէ, նախքան Թուրքիոյ հետ սահմանի ապահովումը:

 

Leave a Reply

Advertisement