Sunday May 26, 2013

Ուաշինկթըն-Թեհրան Հակամարտութեան Բարդ Բնոյթը

By adminx - Tue Aug 07, 5:44 am

«ՍԹՐԱԹՖՈՐ»

Յուլիսի կէսերուն արեւմտեան մամուլը արձագանգ հանդիսացաւ տարաձայնութիւններու, թէ Միացեալ Նահանգներ Պարսից ծոցին մէջ գործի լծած են հեռուէն ղեկավարուող ընդծովեայ սարքեր: Առանց նաւաստիի սուզանաւերու հոն տեղակայումը ինքնին չի խախտեր Հորմուզի նեղուցին մէջ ուժի հաւասարակշռութիւնը, բայց այս քայլը նորագոյնն էր, եւ զայն կանխած էին ականներու դէմ միջոցառումներու շարք մը, որ իր ամբողջութեամբ դիտուած որոշ չափով կը շրջէ ռազմագիտական մեծ նշանակութիւն ունեցող այդ ջրանցքին մէջ զինուորական հաւասարակշռութիւնը:

Ծովային ականազերծման սարքերու յուլիսին տեղակայումը անակնկալ մը չէր: Միացեալ Նահանգներ, որոնք Պարսից ծոցի արաբական կողմը բազմաթիւ մեծ խարիսխներ եւ ուժեր ունին, նախանցեալ ամիս սկսած էին աշխուժ աշխատանքի` շեշտը դնելով ծովային ականներուն դէմ միջոցառումներուն վրայ. Ուաշինկթըն կրկնապատկեց Հորմուզի նեղուցին մէջ ականազերծող նաւերու թիւը. հոն արդէն տեղակայուած չորս մարտանաւերուն վրայ աւելցնելով չորս ուրիշներ, ասոնց կողքին ծովային գործողութիւններու եւ մանաւանդ ականազերծման յաւելեալ օդանաւեր ուղարկեց շրջան, ապա անոնց վրայ աւելցաւ «Փոնսէ» մարտանաւը:

Ամերիկեան ուժերու Կեդրոնական գօտիի Հիւսիսային Ափրիկէ, Միջին Արեւելք եւ Կեդրոնական Ասիա հրամանատարութիւնը յունուարի վերջերուն աճապարանօք վերասարքաւորելու եւ վերաորակաւորելու ապսպրանք կատարած էր, եւ «Փոնսէ»-ն վերածուած էր «զինուորական գործողութիւններու նախապատրաստութեան ծփացող յառաջացած խարիսխի, յատուկ` ականազերծման գործողութիւններու, եւ համալրուած` ուղղաթիռներով եւ յատուկ նաւերով»: Հորմուզի նեղուցին մէջ ականազերծման գործողութիւններու հրամանատարական նաւը դարձաւ «Փոնսէ»-ն:

Այս բոլոր զարգացումներուն եւ ամերիկացիներու առանց մեծ աղմուկի նախապատրաստութիւններուն զուգահեռ, իրանեան կողմը կը շարունակէր Հորմուզի ջրանցքին առնչութեամբ սպառնական յայտարարութիւններ կատարել: Բայց Ուաշինկթընի նման զինուորական յստակ քայլեր չառաւ:

Ամերիկացի վերլուծաբաններ կը կասկածին, որ Իրան ունի զինուորական կարողութիւնը գործադրելու Հորմուզի ջրանցքը փակելու իր սպառնալիքը: Բայց Հորմուզէն կ՛անցնի աշխարհի քարիւղի առեւտուրի 20 տոկոսը, եւ Թեհրան իր այդ սպառնալիքին պատճառած ահը կ՛օգտագործէ որպէս թշնամիները տարհամոզելու ազդակ. ջրանցքը փակելու սպառնալիքները կրկնելով` Թեհրան կ՛աւելցնէ այդ քարիւղէն կախեալ երկիրներուն լուրջ անձկութիւնը: Միւս կողմէ, նոյնիսկ եթէ ամերիկացիք կրկնապատկած են Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւային երթեւեկը պաշտպանելու իրենց միջոցները, Իրան կը պահէ կարողութիւնը եթէ ոչ փակելու նեղուցը, ապա առնուազն` սպառնալու այդ երթեւեկին (հականաւային հրթիռներով եւ մեծաթիւ մարտական արագ նաւակներով յարձակումի վաղեմի մարտավարութեամբ): Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի քաղաքական վէճի անլոյծ շարունակման լոյսին տակ, Թեհրան կը լծակաւորէ նեղուցին մօտ իր դիրքն ու իր զինուորական կարողութիւնները, զանոնք օգտագործելու այդ վէճին մէջ իր քաղաքական դիրքը ամրապնդելու համար: Իրանի այս քայլին հակազդելով` Ուաշինկթըն ուժգին ձեւով կը շեշտէ ու կը ցուցադրէ իր զինուորական ուժը:

Բայց զինուորականը միայն մէկ բաղադրիչն է Միացեալ Նահանգներ-Իրան բազմերես ու բազմակողմանի հակամարտութեան: Այս հակադրութեան հիմնական պատճառը Իրանի ազդեցութեան գօտիի ընդարձակումն է արեւմտեան Աֆղանիստանէն մինչեւ Պաղտատ, հոնկէ ալ` մինչեւ Միջերկրական: Միացեալ Նահանգներ դժգոհ են Թեհրանի շրջանային քաղաքականութեան անընդհատ աշխուժացումէն ու յառաջխաղացքէն: Ուաշինկթընի այս տրամադրութիւնները աւելի եւս կը սրին, երբ Ծոցի արաբական երկիրները կը պնդեն, որ Թեհրան կը կանգնի իրենց ժողովուրդներու ապստամբութիւններու ետին: (Օրինակի համար` Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ): Ասոր վրայ կու գայ աւելնալու Սուրիոյ վարչակարգին` Թեհրանի տրամադրած նեցուկը: Սուրիոյ ներքին խռովութիւններն ու խառնակութիւնը ճեղք մը կը հանդիսանան Թեհրանի դաշինքներու համակարգին մէջ, որ Հինտուքոշ լեռնաշղթայէն սկիզբ առնելով` կը հասնի Միջերկրական: Միացեալ Նահանգներն ու իրենց արեւմուտքցի եւ արաբ դաշնակիցները մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն` ընդլայնելու եւ օգտագործելու այդ ճեղքը, բայց այդ ճակատին վրայ անոնց յառաջխաղացքը արագընթաց չէ:

Յաւելեալ զինուորական ուժերու տեղակայման կողքին, Ուաշինկթըն Իրանի դէմ կը գործածէ եւ կ՛աշխատի արդիւնաւորելու պատժամիջոցներու զէնքը: Այդ պատժամիջոցներու շարքին նորագոյն յաւելումը հանդիսացաւ քարիւղի արտածումներու կաշկանդումը, որուն յայտարարուած նպատակն է` խանգարել Իրանի հիւլէական կարողութիւններու զարգացումն ու կատարելագործումը: Բայց Իրանի քարիւղային ճարտարարուեստը թիրախ դարձնելով` հարուածը կը ստանայ երկրի քաղաքացիական տնտեսութիւնը, եւ ո՛չ միայն հիւլէական ուժանիւթին վրայ աշխատող զինուորականներու եւ գիտնականներու նեղ շրջանակը: Այս հանգամանքը հարցականներ կը ստեղծէ այդ միջոցառումներուն հետապնդած իսկական ու հեռակայ նպատակներուն շուրջ: Այնուհանդերձ, երկարամեայ պատժամիջոցներու հետ Իրանի փորձառութիւնը պատճառ դարձած է, որ անիկա զարգացնէ այդ միջոցառումները շրջանցելու բազմաթիւ ձեւեր եւ այսօր բազմաթիւ ընտրանքներ ունի այդ առնչութեամբ:

                             ***

Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան երկար ատենէ ի վեր իրարու դէմ խուսանաւումներ կը կատարեն` տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական ոլորտներէն ներս, բայց պարագայական եւ մասնակի արդիւնքներէն դուրս ցարդ անոնցմէ ոչ մէկը կրցաւ յստակ առաւելութիւն ձեռք ձգել միւսին դէմ: Բայց հակամարտութեան եւ խուսանաւումներու բեմ դարձած այդ ոլորտները (տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական) իրարու հետ սերտօրէն առնչուած եւ զօդուած են: Այսինքն, երբ Ուաշինկթըն քայլ մը կամ քայլերու շարք մը կ՛առնէ Հորմուզի նեղուցին մէջ, Իրան անպայմանօրէն ստիպուած չէ հակադարձելու նոյն շրջանին մէջ նոյնպէս զինուորական քայլերով: Օրինակի համար, ան կրնայ քաջալերել Պահրէյնի ժողովրդային բողոքի ելոյթները, նոր թափ տալ Սուրիոյ մէջ նախագահ Ասատի ճամբարին, կամ շրջանցելով պատժամիջոցները` տնտեսական նոր կացութիւններ ստեղծել:

Ուրեմն, թէեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժի յաւելումը ինքնին իմաստազուրկ քայլ մը չէ, բայց անիկա դատարկութեան մէջ կատարուած արարք է: Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւնները շատ բարդ ու ճիւղաւորուած են, եւ երկու կողմերը նոյնքան բարդ ու մանրակրկիտ հաշուարկներ կը կատարեն, հոն նկատի կ՛առնեն մեծ թիւով փոփոխական տուեալներ, եւ այս բոլորը ազդեցութիւն կ՛ունենան երկրագունդի հեռաւոր շրջաններու վրայ: (Օրինակի համար, քարիւղային պատժամիջոցները կամ Հորմուզի նեղուցը փակելու սպառնալիքը կ՛ազդեն վառելանիւթերու միջազգային սակերուն վրայ):

Այս պատճառներուն համար է, որ այդ երկու ուժերուն տարբեր ոլորտներէն ներս շփման գիծերուն վրայ ամէն զարգացում, որ կը պատահի, շատ նրբամիտ եւ խորամանկ հաշուարկի արդիւնք է, եւ մէկ զարգացումէն միւսը մեծ հեռաւորութիւն կը պահուի թէ՛ տարածութեան, թէ՛ ալ ժամանակի իմաստով, որովհետեւ այդ քայլերը առնողները կը փորձեն հակակշիռի տակ պահել մեծ գրաւներ եւ մեծ վտանգներ ներկայացնող այդ հակամարտութիւնը:

 

Leave a Reply

Advertisement