Saturday May 25, 2013

Նախանշաններ, Թէ Ռուսիա Պիտի Հրաժարի Կապալայի Ռատարէն

By adminx - Tue Aug 07, 5:42 am

ՇԱՀԻՆ ԱՊՊԱՍՈՎ
«Եուրէյժիանեթ»

Երեւութապէս հարցը կը վերաբերի ռուսական 27 տարեկան ռատարի կայանի մը, որ կը գտնուի հիւսիսային Ազրպէյճանի հեռաւոր մէկ շրջանին մէջ: Բայց խորքին մէջ Կապալայի ռատարի հարցը Ազրպէյճանին համար իր շրջանային կշիռն ու ուժը ընդունիլ տալու փորձ մըն է:

24 դեկտեմբերին կ՛աւարտի Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանէն վարձակալուած Կապալայի ռատարին վերաբերեալ համաձայնութեան պայմանաժամը: Այդ կայանը կարողութիւնը ունի նկատելու եւ հետեւելու Միջին Արեւելքի, Իրանի եւ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ բոլոր հրթիռարձակումներուն: Այս պայմանաժամէն քանի մը ամիս մնացած է, եւ Ազրպէյճան նախանձախնդիր չի թուիր երկարաձգելու զայն:

Նոր վարձքի մասին բանակցութիւնները եւ յայտարարութիւնները սկսան անցեալ տարուան յունիսին, եւ Պաքուի պահանջած վարձքին գումարը անընդհատ աճեցաւ: Սկիզբը կը պահանջուէր տարեկան 7 միլիոն ամ. տոլարը բարձրացնել 15-ի, ապա 2012-ի սկիզբը Պաքու պահանջեց տարեկան 150, իսկ վերջերս 300 միլիոն ամ. տոլար:

Ռուսական մամուլին տեղեկութիւններ սպրդեցան, թէ Քրեմլին կը մտածէ Հայաստանի այն առաջարկին մասին, թէ պատրաստ է հիւրընկալելու նման կայան մը: Պաքու անդրդուելի մնաց: Մայիսի վերջերուն ռուսական մամուլը կառավարութեան բարձրաստիճան աղբիւրներու վերագրեց յայտարարութիւններ, թէ բանակցութիւններուն Ազրպէյճան որդեգրած է «ոչ շինիչ» կեցուածք: Տարեկան 300 միլիոն ամ. տոլար վճարելու փոխարէն` Մոսկուա կրնայ երկու նոր կայան կառուցել, ըսած է նոյն աղբիւրը Ինթերֆաքսին:

Յունիսին, Ազրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի բանբեր Էլնուր Ասլանով ըսաւ, որ վարձակալութիւնը երկարաձգելու համար Պաքուի ներկայացուցած պահանջը «արտացոլումն է այսօրուան իրականութիւններուն: Պէտք չէ մոռնալ, որ Ազրպէյճան շրջանի ամէնէն բարգաւաճ երկիրն է»:

Ճիշդ է, որ քարիւղի պաշարներով հարուստ Ազրպէյճանը աւելի մեծ եկամուտ ունի, քան` Վրաստանն ու Հայաստանը, եւ սկսած է իր մկանները ցուցադրել արտաքին քաղաքականութեան մէջ` գլուխ բարձրացնելով Իրանի, Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ մանաւանդ իր նախկին գերագահ Ռուսիոյ դէմ:

Այս տրամադրութիւններով ազրպէյճանցի քաղաքագէտները Կապալայի մասին կը խօսին իբրեւ պատմական մնացուկ ու յիշատակ:

Իշխանամէտ երեսփոխան Ասիմ Մոլազատէ «Նիուզ. Ազ»-ի տուած իր հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, որ ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Ազրպէյճանը պէտք ունին այդ կայանին, եւ այդ համալիրը պէտք է վերածուի «Պաղ պատերազմի հոյամողէսներու թանգարանի»: Մոլազատէ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ է:

Ազրպէյճանցի անկախ երեսփոխան Ռասիմ Մուսապեքով կ՛ըսէ, որ Կապալան Մոսկուայի համար զինուորական արժէք չի ներկայացներ, այլ` հոգեբանական եւ քաղաքական: Փաստօրէն հարաւային Ռուսիոյ Քրասնոտարի Արմաւիրի շրջանին մէջ նոր ռատարի կայան մը Կապալայի նոյն գործը կը տեսնէ, աւելցուց ան:

Ռուս բարձրաստիճան զինուորականներ նոյն տեսակէտը յայտնած էին:

Իսկ եթէ Մոսկուան կ՛ուզէ Կապալան պահել որպէս կապ անցեալին հետ, երբ ինք միահեծան տէրն էր Կովկասի, ապա պէտք է ատոր գինը վճարէ, կ՛ըսեն ազրպէյճանցի վերլուծաբանները:

Անոնք կ՛աւելցնեն, որ Հայաստանի մէջ զինուորական խարիսխը 49 տարուան համար վարձելն ու ղարաբաղեան հարցին մէջ Ռուսիոյ ապարդիւն միջնորդութիւնը, կամ Երեւանի վրայ անբաւարար ճնշումը պատճառներ են, որ Պաքու նուէրներ չպարգեւէ Մոսկուայի:

Ասոր կողքին, Պաքու նկատած է, որ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ զինուորական խարիսխներու վարձքերը բարձրացած են: Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Խըրխըզիստան յայտարարեց, որ Ռուսիոյ վարձակալած չորս խարիսխներէն երեքին վարձքերը պիտի աւելցնէ 2014-ին, երբ կ՛աւարտի այժմու պայմանագիրը:

Միացեալ Նահանգներ Խըրխըզիստանի կը վճարեն տարեկան 150 միլիոն ամ. տոլար` Մանասի օդակայանի իբրեւ վարձք: Տնտեսագէտ Նաթիք Ճաֆարլի նկատել տուաւ, որ Մանասը Կապալայի համալիրի տարածքին (2500 հեկտար) կէսն է, ուստի տարեկան 300 միլիոնը արդար գին է: Ան նաեւ կ՛ըսէ, որ` «Կապալայի շրջանը վերջերս Ազրպէյճանի մէջ զբօսաշրջային ամէնէն ժողովրդական շրջաններէն մէկը սկսած է դառնալ, եւ կալուածներուն գիները անընդհատ կը բարձրանան (միջին հաշուով` 2800-3000 ամ. տոլար 10×10 քառ. մեթր հողաշերտին համար). ուրեմն Ազրպէյճանի համար աւելի շահաբեր պիտի ըլլայ այդ շրջանին մէջ զբօսաշրջային ենթակառոյցը զարգացնել:

Հանգստեան կոչուած գնդապետ Ուզէյր Ճաֆարով, որ անցեալին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնտար էր, կ՛ըսէ, որ Ռուսիա երբեք պիտի չընդունի տարեկան 300 միլիոն ամ. տոլար վճարել Կապալայի համար: «Կայանը ժամանակավրէպ է եւ այդպիսի գումար չ՛արժեր. այդ գինը պահանջելով` Պաքու ցոյց կու տայ, որ չ՛ուզեր երկարաձգել վարձակալութիւնը, ըսաւ ան:

Քրեմլին արդէն կու տայ խարիսխը պարպելու նշանները: Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը հաղորդեց, որ համալիրին մաս կազմող զինուորներու հիւանդանոցը, մանկապարտէզն ու վարժարանը արդէն փակուած են, եւ ռուս զինուորներու ընտանիքներ մեկնած են շրջանէն:

 

 

Leave a Reply

Advertisement