Tuesday May 21, 2013

Մեր Աշակերտները Կը Գրեն. Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտները Պատրաստած Են «Անի» Եւ «Գառնի» Պարբերաթերթերը

By adminx - Tue Aug 07, 5:40 am

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

«Ազդակ»-ի սիւնակներով պարբերաբար կ՛անդրադառնանք մեր վարժարաններէն ներս կատարուած գրական-գեղարուեստական-մշակութային ստեղծագործական աշխատանքներուն: Անոնք կը ներկայացնեն պարբերաթերթեր, ուր կ՛արտայայտեն գրական շնորհներ, գեղանկարչական յայտնաբերումներ:

Այսօր տեղ կու տանք Հայ աւետարանական քոլեճի Խ. տարուան հրատարակութեան, որ կ՛ընդգրկէ «Անի» եւ «Գառնի» պատմական անուններ յիշեցնող մեր անմոռանալի վայրերը:

«Անի»-ին թեման արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներն են, աշխարհագրական, պատմական, բնութեան եւ այլ յատկանիշներուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններով: Այս շարքին մէջ կը կարդանք հայրենական հետեւեալ քաղաքներուն մասին հետաքրքրական ծանօթութիւններ, ուսանելի եւ ընդհանուր զարգացման օժանդակող գիտելիքներով:

Բաղէշ քաղաքի մասին գրած է Էփի Քիւրքճեան: Յաջորդը` Վան քաղաքն է, զոր ներկայացուցած է Վարդի Չարըգեան: Երզնկայի մասին համադրական աշխատանք մը կատարած է Էնճի Քիրեճեան, Մուշը ներկայացուցած է Նանոր Փափազեան, Տիգրանակերտը ծանօթացուցած է Տիգի Քիւրքճեան, Սեբաստիան` Ժան Չիլինկիրեան, Բալուն ու բալուցին` Բալուի հայրենակցական միութիւնը (Պէյրութ) տրամադրած է այս տեղեկութիւնները: Կարին (Էրզրում) քաղաքի մասին գրած է Մհեր Կոբարեան, Կարսը կը ծանօթացնէ Կասիա Գարակէօզեան, Խարբերդին կը ծանօթանանք Խարբերդի հայրենակցական գրքոյկէն քաղուած տեղեկութիւններէն:

Պարբերաթերթի վերջին էջերուն մէջ տրուած են տեղեկութիւններ քոլեճի ներքին կեանքին մասին, աշակերտներու այցելութիւններուն վերաբերեալ, Լիբանանի տեսարժան եւ պատմական արժէք ներկայացնող վայրերու, թանգարաններու:

34 էջերու մէջ պարփակուած խտացեալ վիճակագրութիւն մը կարելի է նկատել այս աշխատանքը, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, կլիմայական բնութագրում, նաեւ` գիտական տուեալներ փոխանցող ծանօթութիւններով ամբողջացած:

Քոլեճի երկարամեայ վաստակաշատ տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանի ցուցմունքները եւ թելադրանքները անկասկած խթանիչ դեր մը ունեցած են նման Ակումբի մը գործնական գիտելիքները հարստացնելու: Օգտագործուած աղբիւրներն են համացանցը եւ Հայաստանի հանրագիտարանը: Քաղաքներու անուններուն միացած են նաեւ անոնց լուսանկարները:

 

«Գառնի»
Պարբերաթերթ
Հայկական Ակումբի

Հայ աւետարանական քոլեճի հանգուցեալ ուսուցիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի յիշատակին հաստատուած գրական-շարադրութիւններու մրցանքին արժանացած աշակերտներուն (Թ. Ժ. ԺԱ. ԺԲ. դասարաններու) մրցանակի արժանացած շարադրութիւնները ներկայացուած են «Գառնի»-ի այս թիւին մէջ (2011-2012 կրթական տարեշրջան): Մրցանակիրներն են` Մեղրի Պաղտոյեան, Տիգի Քիւրքճեան, Մարիա Օհանեան (յիշատակութեամբ), Շուշան Քեշիշեան, Գարոն Քիրեճեան, Անի Գասապեան, Ռազմիկ Նալպանտեան (յիշատակութեամբ):

Ողբացեալ Հրանդ Տինքի յիշատակին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին կազմակերպած շարադրութեան մրցումին Ա. մրցանակը շահած է Հայ աւետարանական քոլեճին 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Շուշան Քեշիշեան: Քոլեճին տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կ՛արձանագրէ այս յաջողութիւնը:

Քոլեճի վաստակաշատ ուսուցիչ Արմէն Իւրնեշլեան եղած է խորհրդատու մը` կատարելով  հարկ եղած թելադրանքները:

«Անի» եւ «Գառնի» պարբերաթերթերը կը վկայեն քոլեճին մէջ տրուած հայադրոշմ դաստիարակութիւն, այլ գիտութիւններու կարգին նաեւ հայոց լեզուի եւ աշակերտներուն հոգեմտաւոր զարգացում:

Կը հաւատանք, որ կատարուած լուրջ աշխատանքը կ՛ունենայ իր բեղմնաւոր արդիւնքը: Ցանուած մաքուր սերմերը կու տան համեղ հունձք եւ առատ բերք: Այս կը մաղթենք մեր նոր սերունդի աշակերտներուն: Շարունակել ստացուած ուսումն ու դաստիարակութեան ոգեկան արժէքը:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement