Thursday May 23, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Tue Aug 07, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր հմայքը պիտի օգնէ ձեզի` կատարելու կարգ մը հանդիպումներ, որոնք օգտակար պիտի ըլլային ձեր ապագայ գործունէութեան:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հսկեցէք ձեր առողջութեան, որովհետեւ հիմա հիւանդանալու ժամանակը չէ: Հեռու մնացէք աղմկոտ եւ խճողուած վայրերէ, լաւ քնացէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամութիւնը մեծ արժէք ունի ձեզի համար: Ի՞նչ պիտի ընէիք դուք` առանց ձեր ընկերներուն: Շարունակեցէք մնալ նոյն տրամադրութեամբ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ասպարէզին մակարդակը կայուն չէ, բայց հաստատ մնացէք ձեր դիրքին վրայ: Կացութիւնը պիտի բարելաւուի հետզհետէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պէտք չունիք շատ հեռուները երթալու հանգստանալու համար: Ձեզի մօտիկ տեղեր կան, ուր կրնաք հանգստանալ ձեր ճաշակին համաձայն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարելի եղածին չափ անկեղծ եղէք, որպէսզի լաւ հասկնան ձեզ: Ծածկամտութիւնը անօգուտ է եւ կասկածի տեղի կու տայ: Արդէն անկեղծ էք դուք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարիքը ունիք մեկուսանալու, հեռու մնալու աղմուկէ, ինչ որ բնական է. ուրեմն առանձնացէք հանգստաւէտ անկիւնի մը մէջ եւ լաւատես եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հեռու մնացէք չափազանցութիւններէ, որպէսզի արձակուրդի ձեր օրերը աւելի հանգիստ ըլլան եւ գոհ մնաք: Օրը ունի հաճելի պահեր, ուրախ եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այս ամսուան ընթացքին աղեղնաւորի ծնունդները պիտի ունենան սիրային եւ սիրալիր շատ հանդիպումներ: Օրը բախտաբեր է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ամուսնացած էք, կրնաք վէճեր ունենալ ծնող-զաւակի միջեւ: Ձեզի կը թելադրուի ըլլալ համբերատար եւ իմաստուն: Ամէն խօսքի մի՛ պատասխանէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Միացէք այն անձերուն, որոնցմէ բաժնուած էիք կեանքի պայմաններուն բերումով: Այս միացումը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Օրը հաճելի է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի կարենաք հաւասարակշռել ձեր ծախսերը` շնորհիւ ձեր խնայասիրութեան եւ գիտակից տնտեսութեան: Օրը քաջալերական է ամէն տեսակէտով:

Leave a Reply

Advertisement