Յայտարարութիւններ ( 6 Օգոստոս 2012 )
By adminx - Mon Aug 06, 6:00 am
- 0 Comments
- 205 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը
Մխիթարեան Միաբանութիւնը
Եւ Աշգարեան գերդաստանը
կը գուժեն
ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
(Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական
թեմի նախկին ընդհանուր փոխանորդ)
վախճանումը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին, Մխիթարեան հայրերու մենաստանին մէջ, Վիեննա:
Եկեղեցւոյ կարգը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ապա վախճանեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ընտանեկան դամբարանը:
Ժողովրդային ընդունելութիւն` Այնճարի հրապարակին վրայ, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին
Եկեղեցական արարողութիւն` կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ (Ս. Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ նորոգութեան պատճառով):
Յուղարկաւորութեան կարգը` կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ազգային գերեզմանատան մէջ, Այնճար:
- Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
- Երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 «Աղաճանեան» սրահին մէջ, Այնճար:
- Երեքշաբթի, 7 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-էն մինչեւ ժամը 12:30 եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, Ժեհթաուի:
- Երեքշաբթի, 7 օգոստոսին կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, «Աղաճանեան» սրահին մէջ, Այնճար:
- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել կարիքաւոր սան-սանուհիներու համար նորաստեղծ «Հ. Վարդան եպս. Աշգարեան» հիմնադրամին:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնը կը գուժեն գիւղի արժանաւոր զաւակներէն
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
(Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի
պատրիարքական թեմի նախկին ընդհանուր փոխանորդ)
վախճանումը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ բարեսիրական միութիւնը կը գուժէ
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
(Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի
պատրիարքական թեմի նախկին ընդհանուր փոխանորդ)
վախճանումը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը կը գուժէ
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
(Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի
պատրիարքական թեմի նախկին ընդհանուր փոխանորդ)
վախճանումը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնն ու ուսուցչական կազմը կը գուժեն վարժարանին թիկունք կանգնող հոգատար հովիւ
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
վախճանումը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Մաշոյեան աղօթքի խմբակը եւ իր անդամները կը գուժեն
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
(Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի
պատրիարքական թեմի նախկին ընդհանուր փոխանորդ))
վախճանումը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Աւետիս Աշգարեան
Տէր եւ տիկին Գէորգ Աշգարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անտոն Անտոնեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Վարդան Աշգարեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Վրէժ Աշգարեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժիւլիեթ Աշգարեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Ա. Աշգարեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Գէորգ Ա. Աշգարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժանօ Ա. Աշգարեան եւ զաւակը
Տիկին Թերեզ Ռապպայ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նատիմ Թըլիենի
Տէր եւ տիկին Վիգէն Քիւրտեան եւ զաւակունք
Օրդ. Հելեն Քիւրտեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին`
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
վախճանումը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Վիեննայի մէջ:
Եկեղեցւոյ կարգը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ապա եկեղեցական արարողութիւնը պիտի կատարուի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ (Ս. Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ նորոգութեան պատճառով), ուրկէ վախճանեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը եւ պիտի ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ ժամը 1:00, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Այնճարի «Աղաճանեան» սրահին մէջ:
- ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել կարիքաւոր սան-սանուհիներու համար նորաստեղծ «Հ. Վարդան եպս. Աշգարեան» հիմնադրամին:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարի Էքմեքճեան եւ զաւակները` Ճորճ եւ Թինա
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Մարի Փանոսեան
Տէր եւ տիկին Յարութ Փանոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժաք Փանոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Պերճուկ Թանկուքեան
Էքմեքճեան եւ Փանոսեան ընտանիքներ
Թանկուքեան եւ Պզտիկեան ընտանիքներ
Խօսդղեան եւ Պասմաճեան ընտանիքներ
Զուղէյպ եւ Համբարձումեան ընտանիքներ
Արթինեան եւ Պնէյս ընտանիքներ
Տեմիրճեան եւ Պարսամեան ընտանիքներ
Խալիլ եւ Ղազարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր եւ հարազատին`
ՐԱՖՖԻ ՀԱՅԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 3 օգոստոս 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ժիպէյլի Մար Եագուպ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ժիպէյլի Հայկական գերեզմանատունը:
lՆերկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
lՑաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երկուշաբթի, 6 օգոստոսին, եկեղեցւոյ սրահը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————————————————————
ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ` Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ
ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Սիրելի հաւատացեալներուն կը տեղեկացնենք, որ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին նուիրուած աղօթաշարք տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2012 – ուրբաթ, 10 օգոստոս 2012 Ս. Աստուածածնայ տօնին նուիրուած աղօթքի շաբթուան արարողութիւնները պիտի կատարուին հետեւեալ կարգով:
ա.- Երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2012-ին, Ս. Աստւածածին եկեղեցւոյ մէջ` երեկոյեան ժամը 6:30-ին:
Հանդիսապետութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆի
Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ
բ.- Երեքշաբթի, 7 օգոստոս 2012-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
գ.- Չորեքշաբթի, 8 օգոստոս 2012-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 6:30-ին:
դ.- Հինգշաբթի, 9 օգոստոս 2012-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ե.- Ուրբաթ, 10 օգոստոս 2012-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` երեկոյեան ժամը 6:30-ին:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու խնկաբոյր աղօթքներուն, ըմբոշխնելու հոգեւոր պահն ու աղօթելու աշխարհի եւ Լիբանանի խաղաղութեան համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————————————————————
ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Սարօ եւ Ալին Թորիկեաններ
բախտաւորուած են առջինեկ մանչ զաւակով մը`
ՌԱԶՄԻԿ
1 օգոստոս, 2012
Պէյրութ
—————————————————————————————
ԼՕԽ-Ի «ՆԱՅԻՐԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 7 օգոստոս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Աղբալեան» ակումբին մէջ:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԵՒ ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ – 2012
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնը եւ կատարուի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին ուխտագնացութիւնը:
Այս առիթով, ուխտաւոր հաւատացեալներուն կը ներկայացնենք Ուխտի օրուան ժամանակացոյցը.-
Ուրբաթ 10 Օգոստոս
- Աջահամբոյր` առաւօտեան ժամը 10:45-ին:
- Աղի օրհնութիւն եւ ոչխարներու զենում` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
- Երեկոյեան ժամերգութիւն, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
- Հոգեւոր համերգ մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ` երեկոյեան ժամը 7:30-ին:
- Հսկում` գիշերուան ժամը 8:30-ին:
Շաբաթ 11 Օգոստոս
- Ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին:
- Երեկոյեան ժամերգութիւն` կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
- Հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ` երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆ
Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ ժողովուրդին իր հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:
Կիրակի, 12 օգոստոս
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի պիտի ունենայ խաղողօրհնէքի արարողութիւն:
Երկուշաբթի, 13 օգոստոս «Յիշատակ Մեռելոց»
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգիստ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 6-10 օգոստոս 2012, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ եւ դասախօսութիւն:
Երկուշաբթի, 6 օգոստոս
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԵՒ ՄԱՅՐՈՒԹԻՒՆԸ» և Պարոյր աբղյ. Շերնեզեան
Երեքշաբթի, 7 օգոստոս
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԵՒ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ» և Նշան աբղյ. Լախոյեան
Չորեքշաբթի, 8 օգոստոս
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԵՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ» և Սմբատ աբղյ. Սապունճեան
Հինգշաբթի, 9 օգոստոս
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» և Զարեհ աբղյ. Սարգիսեան
Ուրբաթ, 10 օգոստոս
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏՕՆԵՐ» և Տաճատ աբղյ. Աշըգեան
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն դասախօսական ձեռնարկներուն եւ լեցուելու Աստուածամօր կեանքէն բխող պատգամներով:
ԿԱՐԵՒՈՐ
1) Անոնք որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար կամ խաղող նուիրել Ուխտի օրուան առիթով, պէտք է ամէնէն ուշը ուրբաթ, 10 օգոստոս 2012-ի կէսօրին հասցուցած ըլլան իրենց նուէրները Անթիլիասի կամ Պիքֆայայի վանքը:
Հեռ: Անթիլիաս 04-410001 և Պիքֆայա 04-983634:
2) Դասախօսական ձեռնարկներուն մասնակցիլ փափաքողներուն համար, փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն առաւօտ ժամը 8:45-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, Տպարան Տօնիկեանին մօտ, Տորայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Խուրի Հոմ Լայն» հաստատութեան մօտ եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:
3) Շաբաթ, 11 օգոստոս 2012-ի Ուխտի օրուան պատարագին համար յատուկ փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ծխային եկեղեցիներու մուտքին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ:
—————————————————————————————
ՀՄԸՄ ՖԱՆԱՐ-ՊԱՈՒՇՐԻԷ
ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ի յիշատակ Աւօ Էքմեքճեանի
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 11 օգոստոսէն սկսեալ, Ֆանարի ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ:
Մասնակցող խումբերը պարտին իրենց խումբին անունը եւ մասնակցողներուն անունները ղրկել Գէորգ Սվազլեանին, հեռ. 76-633151, մինչեւ չորեքշաբթի, 8 օգոստոս:
Մասնակցութեան սակ` 100,000 լ. ո.
————————————————————————————–
ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՎՐԱՅ Է
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ
«ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ»
- Բ. ՀԱՏՈՐ-
Հրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան
- Ստանալու համար դիմել`
Կաթողիկոսարանի գրատուն եւ Համազգայինի գրախանութ:
————————————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration-ի մասնագիտութիւն ունեցող օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին.- kanekour@dm.net.
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Զալքա, 115 քառ. մեթր, դիմել` հեռ. 03-058286:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 205 views
- Tweet
Email
Print



