Արցախի Վարչապետը Այցելեց «Ասպետ» Ճամբար
By adminx - Mon Aug 06, 7:59 am
- 0 Comments
- 140 views
- Tweet
Email
Print
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան այցելեց «Ասպետ» ճամբար, ուր իրենց ամառնային հանգիստը կ՛անցընեն սփիւռքահայ 200 պատանիներ, որոնցմէ 21-ը սուրիահայեր են:
Արցախի «Ապառաժ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ վարչապետը հետաքրքրուեցաւ սուրիահայ պատանիներու ճամբարային առօրեային մասին` նշելով, որ Արցախը միշտ պատրաստ է ընդունելու Սուրիոյ մեր հայրենակիցները:
«Մենք պատրաստ ենք Սուրիայէն եկած մեր հայրենակիցներուն կարելիութիւն տալու ձրի ուսանելու Արցախի մէջ, ապահովուելու նաեւ կեցութեան պայմաններով: Մենք պատերազմէ անցած ենք եւ գիտենք, թէ ինչքան դժուար է ապրիլ նման պատերազմական իրավիճակի մէջ», նշեց վարչապետ Արա Յարութիւնեան:
Յարութիւնեան սուրիահայ պատանիներուն Արցախի մասին յիշեցնող ձեռքի ժամացոյցներ նուիրեց:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետին ուղեկցեցան նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:
- 0 Comments
- 140 views
- Tweet
Email
Print



