Monday May 20, 2013

Վարչապետ Միքաթի Կը Շեշտէ, Թէ Ինք Կառավարութեան Յանձնառու Չէ

By adminx - Mon Aug 06, 7:50 am

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք լաւատես է Լիբանանի ապագային նկատմամբ` աւելցնելով, որ ինք հանգիստ կը զգայ Սայտայի նստացոյցին աւարտով, ուսուցիչներուն կողմէ քննութիւններուն սրբագրութեամբ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու նստացոյցին աւարտով, հակառակ անոր որ այս վերջին հարցին ինք չէ միջամտած` նկատի ունենալով այդ թղթածրարին միջամուխ եղած քաղաքական կողմերուն միջեւ լարուածութիւնները:

Կառավարութեան իրավիճակին ակնարկելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք կառավարութեան յանձնառու չէ, ընդհակառակն` եթէ կարելի ըլլայ աւելի ներդաշնակութեամբ գործող նախարարներու խումբ մը կազմել, ինք աւելի գոհ կը մնայ:

Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ ինք պատրաստ է շարունակելու ազգային իր պարտականութիւնը` գիտնալով հանդերձ, որ երկրին դիմագրաւած այս դժուարին պայմաններուն մէջ իսկ իր կառավարութեան բացթողումներուն կողքին արձանագրուած են որոշ նուաճումներ:

 

Leave a Reply

Advertisement