Wednesday Jun 19, 2013

Ըստ «Իրնա»-ի` Ժալիլի Այսօր Լիբանան Կ՛այցելէ

By adminx - Mon Aug 06, 7:50 am

Իրանեան ԻՐՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնած է, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլի այսօր պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային կեանքը յուզող զարգացումները:

Կը նախատեսուի, որ Ժալիլի ներկայ գտնուի նաեւ Լիբանանի մէջ իրանեան դեսպանատան սարքած տարեկան իֆթարին, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունենայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement