Wednesday May 22, 2013

Ռայի Պատրիարքը Պիտի Այցելէ Աքքար

By adminx - Mon Aug 06, 7:49 am

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ 13-16 օգոստոսին հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Աքքար:

Քառօրեայ այս այցելութեան ընթացքին ան պիտի այցելէ Ապտէի, Հալպայի, Քըպէյեաթի, Մունժեզի, Պաքարզալայի ու Աքքարի տարբեր գիւղաքաղաքները եւ պատարագներ պիտի մատուցէ շրջանին մէջ գտնուող մարոնի համայնքին պատկանող եկեղեցիներուն մէջ:

Ռայի պատրիարքին ի պատիւ ճաշկերոյթ պիտի սարքուի նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսի բնակարանին մէջ, ինչպէս նաեւ իֆթար մը` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաւէրով:

Միւս կողմէ, Տիմանի մէջ Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց օրուան պատարագին եւ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի այնպիսի պատասխանատուներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու, որոնք կը պայքարին անարդարութեան, փտածութեան եւ մսխումին դէմ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement