Իտալիոյ Սպայակոյտի Պետը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Զօր. Քահուաժիի Հետ
By adminx - Mon Aug 06, 7:48 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց Իտալիոյ սպայակոյտի պետ զօր. Պելաճիօ Ապրաթին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ բանակին միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ապրաթի այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող իտալական զօրամասին դիրքերը, որոնք կը գտնուին Սուրի Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ:
Զօր. Ապրաթի ստուգեց 1100 իտալացի զինուորներուն ստանձնած դերակատարութիւնը` հարաւի մէջ:
Իտալիոյ սպայակոյտի պետը դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը. ան դրուատեց իտալական զօրամասին մաս կազմող ականներու վնասազերծման խմբակին աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր սահմանային Կապոյտ գիծին հսկելու եւ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու նպատակով իր մատուցած զոհողութիւններուն համար:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print




