Monday May 20, 2013

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Պիտի Սկսի Իր Աշխատանքներուն

By adminx - Mon Aug 06, 7:48 am

Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութիւնը այսօր պիտի վերադառնայ Քոռնիշ Նահըրի կեդրոնական շէնքը, հետեւաբար լիբանանցի քաղաքացիները կրնան սովորական կերպով ուղղուիլ ընկերութիւն` կատարելու համար իրենց գործառնութիւնները:

Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութիւնը յայտնեց նաեւ, որ ընկերութեան պաշտօնեաները ամբողջ Լիբանանի տարածքին սկսած են նորոգութեան աշխատանքներուն, յատկապէս Պէյրութի շրջանին մէջ:

Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ անոնք ելեկտրական հոսանքի յատուկ ստացագիրները վճարեն ստուգելէ ետք, որ այդ ստացագիրները հրապարակուած են Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութեան կողմէ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement