Saturday May 18, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Mon Aug 06, 7:47 am

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 15 օգոստոս 2012-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ այս կառավարութիւնը երկար շունչով եւ համբերութեամբ վարուած է շատ զգայուն հարցերու ու թղթածրարներու հետ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ կան լուրջ տուեալներ, որ Հըզպալլա մեղսակցած է իր դէմ գործուած մահափորձին:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ հողերու վաճառքը աստիճանաբար կ՛ազդէ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն գոյութեան վրայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, որ Պըրրի համոզուած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր ունեցած ռազմավարական դաշինքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը կը հաստատէ Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու կեցուածքը: Կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ժամանց է, որովհետեւ Հըզպալլա իր զէնքերը քաղաքական համոզումով պիտի չյանձնէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ պատուիրակ մը այցելած է բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ անկէ պահանջած անտեսել երեսփոխան Մույին Մերեհպիի յայտարարութիւնները` ընդգծելով, որ Մերեհպիի յայտարարութիւնները Մուսթաքպալի պաշտօնական կեցուածքը չեն դրսեւորեր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի սուրիական վարչակարգին` աւելցնելով, որ ինք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ անուղղակի կապի մէջ է: Ուահապ հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ պաշտօնազրկել Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի սկսած է Թրիփոլիի իր կալուածներն ու հողերը վաճառել:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ այս տարուան ընթացքին արտածուած լիբանանեան արտադրութիւնը 12 առ հարիւրով նուազած է:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին սպառնալիքները տեղին են` աւելցնելով, որ Լիբանան տակաւին տնտեսական քայքայումի աստիճանին չէ հասած:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի առաջնորդ, Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Պքերքէի կողմէ հնչեցուած ահազանգը շուտով իրականացաւ, որովհետեւ եպիսկոպոսները զգացին, թէ ի՛նչ հսկայ վտանգ մը կը սպառնայ Լիբանանին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նստացոյցերուն վերջ տալը նոր սկիզբ մը կը նկատուի կառավարութեան աշխատանքին առումով:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ կոչ ուղղեց երկրին մէջ որդեգրելու այնպիսի վարչակարգ մը, որ լիբանանցիներուն միջեւ հաւասարութիւն կը հաստատէ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը չէզոքացնելու լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլա չի փափաքիր, որ Լիբանանը հզօր պետութիւն մը ըլլայ. ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի զէնքը պէտք է լիբանանեան պետութեան յանձնուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնին հրաժարականը պահանջելէ առաջ պէտք է պահանջէ իր նախարարներուն հրաժարականը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ 14 սուրիացիներուն արտայանձնումը Սուրիոյ իշխանութիւններուն լիբանանեան դատական իշխանութիւններու հեղինակութեան լուսանցքայնացում է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ քննարկած է 14 սուրիացիներու արտայանձնումին թղթածրարը:

ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը զօրակցի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը մերժէ այդ օրէնքը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականը լուրջ վտանգներ կը սպառնայ Լիբանանին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իրենց յարաբերութիւնը քաղաքական է եւ հաստատութենական` աւելցնելով, որ համախմբումը յանձնառու կը մնայ Հըզպալլայի հետ իր փոխըմբռնումի համաձայնութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին առնչութեամբ իրենց կեցուածքը տակաւին ուսումնասիրութեան առարկայ է, որովհետեւ այդ իմաստով կայ հիմնական հարց մը, որ ուղղակի կապուած է երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան նկատմամբ Հըզպալլայի կեցուածքին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ այսօրուան տագնապը պետութեան տրամաբանութեան եւ փտածութեան միջեւ կը կայանայ: Ան աւելցուց, որ իրենք կը գտնուին ընդդէմ այնպիսի հոսանքներու, որոնք եկած են քանդելու եւ այլ բան չեն փափաքիր կատարել:

 

 

Leave a Reply

Advertisement