Սուրիական Բանակը Դամասկոսը Իր Ամբողջական Վերահսկողութեան Տակ Կ՛առնէ, Իսկ Հալէպի Մէջ Կանաչ Լոյսի Կը Սպասէ
By adminx - Mon Aug 06, 7:37 am
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիական ազատ բանակը յայտարարած է, որ Դամասկոսի մէջ առեւանգուած 48 իրանցի ուխտաւորները իրականութեան մէջ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ են: Սուրիացի ընդդիմադիրները զիրենք լրտեսութեան համար մեղադրած են: Անոնք ցուցադրած են առեւանգեալներէն մէկուն պահակագունդի անդամ ըլլալու փաստաթուղթերը:
Ըստ «Արապիա»-ի, իրանցիները առեւանգող կողմը Սուրիական ազատ բանակի ամէնէն մեծ Ալ Պարա խմբաւորումն է, որ կը պնդէ, թէ առեւանգուած 48 իրանցիները 150 հոգինոց իրանեան հետախուզական խմբակին մէկ մասն են:
Իրանցի քաղաքացիները ձերբակալուած էին Դամասկոսի օդակայանի ճամբուն վրայ:
Սակայն սուրիական ընդդիմութեան մէկ անանուն պատասխանատուն ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին սիւննի ծայրայեղականներու Ժունտուլլա կազմակերպութիւնը ամբաստանեց իրանցիները առեւանգելու համար` նշելով, որ անոնք ուխտագնացներ են եւ ոչ թէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ: Ան ըսաւ, որ Ալ Պարա խմբաւորումը, որուն կեդրոնատեղին Տումայի մէջ է, առեւանգումը կատարող կողմը չէ, իսկ անոր ղեկավարին` Ապտել Նասեր Շումէյրի կատարած յայտարարութիւնը պարզապէս ծածկոյթ է, որպէսզի այնպէս ի յայտ չգայ, թէ տեղի ունեցածը ծայրայեղական սիւննիներու կողմէ շիի իրանցիներու առեւանգում մըն է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերով օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահիա յայտարարեց, որ իրանցի ուխտաւորներու առեւանգումը նախապէս ծրագրուած էր:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ` խնդրելով անկէ համագործակցիլ` Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իրանցի ուխտաւորները ազատ արձակելու համար: Տաւութօղլու խոստացած է հարցին ուշադրութիւն դարձնել եւ, ինչպէս նախկին պարագաներուն, անոնց ազատ արձակման համար ջանք թափել: Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրան Քաթարէն եւս խնդրած է առեւանգեալներու ազատ արձակման օժանդակել:
ԻՐՆԱ հաղորդեց, որ Սալեհի աւելի ուշ յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ Քաթար խոստացած են այդ ուղղութեամբ ջանք թափել:
Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտի յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զինումը շրջանին համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ: Ան աւելցուց, որ «շրջանը մեծ տագնապի մը ականատես պիտի դառնայ, եթէ օտար ուժեր Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարեն»` շեշտելով, որ «մեծագոյն կորուստ կրողները, արեւմուտքցիները եւ իսրայէլեան գոյացութեան զօրակցող երկիրները պիտի ըլլան»:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ Արեւմուտքը կը փորձէ Սուրիան դիմադրութեան ճակատէն հեռացնելով Իսրայէլի եւ շրջանի իսլամական երկիրներուն միջեւ նոր հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել: Ան վստահեցուց, որ «այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ Հիլըրի Քլինթըն այս շաբաթ Թուրքիա պիտի այցելէ` թրքական կառավարութեան հետ Սուրիոյ շուրջ քննարկումներ կատարելու համար: Ան նշեց, որ քննարկումները տեղի պիտի ունենան 11 օգոստոսին` Պոլսոյ մէջ:
Մոսատի նախկին ղեկավար Իֆրայիմ Հալեւի իսրայէլեան պատկերասփիւռի երկրորդ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով Սուրիոյ տագնապին մասին նշեց, որ այդ տագնապը յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին պիտի վճռուի, հակառակ անոր որ Իրան այդտեղ յաւելեալ միջամտութիւն կը կատարէ:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Ռամալլայի մէջ իշխանութեան կեդրոնատեղիին առջեւէն Սուրիոյ մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակութիւն փոխադրող կարաւանի մը ճամբորդութեան նախօրեակին կատարուած հանդիսութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ այդ կարաւանը օժանդակութեան առաջին կարաւանն է, իսկ օժանդակութիւնները Սուրիոյ մէջ գտնուող պաղեստինցիներու եւ սուրիացիներու համար են` ընդգծելով, որ «պաղեստինցիի եւ սուրիացիի միջեւ տարբերութիւն չկայ»:
Ան պաղեստինցիներուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ իրենց եղբայրներուն օժանդակելու` նկատի ունենալով անոնց դիմագրաւած դժուար պայմանները:
Ապահովական գետնի վրայ, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Դամասկոսի Թատամոն թաղամասը` մայրաքաղաքին մէջ ընդդիմադիրներուն վերջին յենակէտը:
Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, սուրիական բանակը Հալէպ ուղարկած է իր լաւագոյն ստորաբաժանումներէն քսան հազար զինուոր: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակը Հալէպի մէջ յառաջխաղացք արձանագրած է եւ մուտք գործած Սալահէտտին թաղամասի թիւ 15 փողոցը:
Սուրիական ապահովական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ սուրիական բանակը իր ուժերը Հալէպի շուրջ կուտակած է եւ քաղաքի թաղամասերը մաքրագործելու համար հրամանի կը սպասէ: Աղբիւրը ընդգծած է, որ Հալէպի ճակատամարտը տակաւին չսկսաւ եւ անիկա երկար պիտի ըլլայ:
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print



