Saturday May 25, 2013

Արաբական Լիկան Թուրքիան Կը Զգուշացնէ Իրաքի Հետ Յարաբերութիւնները Խանգարող Վարմունքէ

By adminx - Mon Aug 06, 7:34 am

Ահմետ պըն Հըլլի

Արաբական լիկան նախանձախնդրութիւն յայտնեց, որ Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները մնան բարի դրացիական, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հասկացողութեան եւ յարգանքի բնոյթի:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի մամլոյ յայտարարութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ լիկան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Քերքուք այցելութեան շուրջ Պաղտատէն նամակ մը ստացած է եւ լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը տեղեակ պիտի պահէ նշեալ այցելութեան շուրջ Իրաքի կեցուածքին վերաբերեալ:

Պըն Հըլլի նշեց, որ «Արաբական լիկան չ՛ուզեր, որ Թուրքիա երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները խանգարող վարմունք որդեգրէ»:

Ան ըսաւ, որ լիկան նախանձախնդիր է, որ արաբական երկիրներուն եւ անոնց դրացի երկիրներուն, մասնաւորաբար Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւնները հիմնուած ըլլան յարգանքի եւ բարի դրացնութեան վրայ:

Leave a Reply

Advertisement