Ըստ Քըլըճտարօղլուի Տաւութօղլու Թուրքիոյ Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Վատ Արտաքին Գործոց Նախարարն Է
By adminx - Mon Aug 06, 7:31 am
- 0 Comments
- 109 views
- Tweet
Email
Print
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ամէնէն վատ արտաքին գործոց նախարարն է:
Ան նշած է, որ Սուրիոյ հարցով Տաւութօղլուն էական սխալներ գործած է: «Եթէ երկիր մը իր արտաքին քաղաքականութիւնը կը կառուցէ մեկնելով այլ երկրի մը շահերէն, ուրեմն այդտեղ լուրջ խնդիր գոյութիւն ունի», ըսած է ան:
Քըլըճտարօղլու յիշեցուցած է, որ երբ Տաւութօղլու սկսաւ աշխատիլ, նպատակը դրացիներու հետ զերօ խնդիր ունենալն էր, սակայն այժմ Թուրքիա բոլոր դրացիներուն հետ ալ վէճ ունի:
«Երբ նայինք այս պատկերին եւ չքննադատենք զայն, պիտի նշանակէ, որ մենք մեր պարտականութիւնը չենք կատարեր: Իբրեւ ընդդիմութիւն մեր առաքելութիւնն է սխալները նկատել եւ անոնց մասին արտայայտուիլ: Ո՞ր հարցին մէջ ան յաջողութիւն արձանագրած է, Սուրիո՞յ, Իրաքի՞, Իրանի՞, թէ՞ Կիպրոսի: Ամէն ինչ, սկիզբէն մինչեւ վերջ անյաջողութիւն է եւ անոնց տակ Տաւութօղլուի ստորագրութիւնը կայ», ըսած է ան:
- 0 Comments
- 109 views
- Tweet
Email
Print




