Յունաստան Թուրքերուն Պահանջով Պատմութեան Դասագիրքը Պիտի Չխմբագրէ
By adminx - Mon Aug 06, 7:29 am
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի կրթութեան նախարար Քոնսթանթինոս Արվանիթոփուլոս յունական խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ 6-րդ դասարանի «Պատմութեան» նիւթի դասագիրքերը փոփոխութեան պիտի չենթարկուին, ինչպէս կը պահանջէ Յունաստանի թուրք փոքրամասնութեան խորհուրդը:
Հարցը այն է, որ նշեալ դասագիրքերուն մէջ թուրքերը ներկայացուած են իբրեւ վայրագ, բարբարոս ազգ: Թուրքերը յատկապէս զայրացած են գիրքին մէջ տեղ գտած հետեւեալ արտայայտութենէն. «Թուրքերը մտան Իզմիր եւ կրակի տուին հայկական եւ յունական շրջանները, կողոպտեցին եւ սպաննեցին քրիստոնեաները»:
Յոյն նախարարը նշած է, որ թուրքերուն պահանջը անհիմն է, որովհետեւ դասագիրքը գրած են պատմաբանները, եւ անիկա միայն իրականութիւնը կը պատմէ:
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print



