Wednesday Jun 19, 2013

50 Տարի Առաջ ( 6 Օգոստոս 1962 )

By adminx - Mon Aug 06, 5:31 am

Տոմսեր

«Հոտած Այծը»

Խորհրդային վարչապետը Ն. Խրուշչեւ սրամի՜տ մարդ մըն է եւ կը սիրէ կատակներ ընել, մանաւանդ` ազատ աշխարհին, կամ, իր բացատրութեամբ, դրամատիրական աշխարհին շուրջ, ծաղրելով զայն:

Իր վերջին սրամտութեամբ, ազատ աշխարհին հետ խաղաղ համակեցութիւնը նմանցուցեր է` «հոտած այծի մը հետ մէկ յարկի տակ բնակելուն»: Սակայն, տեղ մըն ալ, աւելցուցեր է. «Մեծ յեղափոխութիւն մը ըրինք կեանքի բարիքները տալու համար մարդոց: Սակայն, եթէ պիտի չկրնանք այդ բարիքները տալ մարդոց, անոնք պիտի հարցնեն. ինչո՞ւ եղաւ այս յեղափոխութիւնը»:

Իրականին մէջ պրն. Խրուշչեւի այս մտածումը նորութիւն մը չէ, այլ` տխուր հարցում մը, զոր խորհրդային ժողովուրդները քառասունէ աւելի տարիներէ ի վեր կու տան իրարու, այն տարբերութեամբ, որ բնաւ նորութիւն չի թուիր իրենց, երբ պոչ կը կազմեն խանութներու առջեւ, երբ ուտելիք չեն գտներ, երբ շնորհքով հագուստ չեն գտներ, երբ հարկադրուած են 5-6 հոգի մէկ սենեակի մէջ ապրելու:

Այդ հարցումը տուած են այն միլիոնաւոր խորհրդային քաղաքացիները, որոնք Սիպերիա քշուեցան, եւ կեանքի բարիքներէն զրկուելէ ետք, վրայ տուին նաեւ իրենց կեանքը…

Այդ հարցումը տուած են հարիւր հազարաւոր նախկին խորհրդային քաղաքացիներ, որոնք փախան խորհրդային դրախտէն, մարդկային կեանք տեսնելու համար դրամատիրական կարգերու տակ, եւ ա՛լ չեն վերադառնար… «հոտած այծ»-ին աշխարհէն:

Այդ հարցումը տուած են քառասուներկու տարի առաջ եւ կու տան մինչեւ այսօր, մանաւանդ` հայերը, որոնց պարտադրուեցաւ «մեծ յեղափոխութիւնը», եւ տեսան անոր «բարիք»-ները, հոգիի եւ մտքի ստրկութեան եւ թշուառութեան մէջ: Ուտելիքի, հագուելիքի, բնակարանի պակասին մէջ: Չարաչար կեանքի եւ խեղճ կեանքի մէջ:

Այս բոլոր իրականութիւններուն ետեւ, Խրուշչեւ չի համոզուիր, թէ ամբողջ քառասունչորս տարի իրեն ենթակայ մարդիկը թշուառութեան, զրկանքի եւ անապահովութեան մէջ պահող «մեծ յեղափոխութիւն»-ն է «հոտած այծ»-ը, եւ ոչ թէ` ազատ աշխարհը: Խրուշչեւ կրնայ չհաւատալ, սակայն ոեւէ պարկեշտ մարդ չի կրնար տարբեր եզրակացութեան գալ:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Leave a Reply

Advertisement