Friday May 24, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Mon Aug 06, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Աշխատանքի մէջ պիտի կարենաք գտնել ձեր հաճոյքը: Ուրեմն ըրէք ձեր սիրած աշխատանքները` լաւագոյն եւ առաւելագոյն չափով: Օրը պիտի օգնէ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ոչ մէկ փորձ կամ աշխատանք դժուար չի թուիր ձեզի: Այսօր շատ եռանդուն էք եւ գործնական, հետեւաբար օրն ալ` արդիւնաւէտ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Խնամեցէք ձեր պատրաստած ծրագիրը` լաւ ներկայացնելու համար: Ամէն գնով կատարեցէք ձեր աշխատանքը, որպէսզի տպաւորէք ձեր ունկնդիրները:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր տեսակէտը տուէք ձեզի տրուած հարցին, անիկա նկատի պիտի առնուի: Օրը ունի գոհացուցիչ պահեր, որով կրնաք գոհունակութիւն ունենալ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ապաւինեցէք ձեր ներքին ձայնին, ան ճիշդ ձեւով պիտի առաջնորդէ ձեզ: Այսպիսով, պիտի կարենաք դիւրութեամբ եւ լրիւ իրագործել օրուան ծրագիրները:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք ձեր կարողութիւնը քննարկեցէք եւ պիտի տեսնէք, թէ ունիք առաւել յատկութիւններ, զորս կրնաք օգտագործել եւ յառաջդիմել:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Զոյգեր կամ ընտանիքի անդամներ իրարու հետ բարկացած տրամադրութեամբ մի՛ վարուիք: Զիրար մտիկ ըրէք, որպէսզի հասկնաք զիրար, առանց ջղայնանալու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կրնաք օգտուիլ ձեր ազատ ժամերէն եւ կատարել ձեր փափաքածը: Այսօր օրը պիտի անցնի հաճելի եւ խաղաղ, հեռու` խճողուած վայրերէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի կարենաք գտնել ձեզի յարմարող մարզական ձեւ մը, որուն եթէ հետեւիք կարգապահութեամբ եւ յարատեւ, շատ կ՛օգտուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոյն սխալը մի՛ գործէք, անդրադարձէք ձեր կատարածին եւ փոխեցէք ձեր որոշումը, որպէսզի կարենաք խաղաղ եւ անհոգ մնալ: Լաւատես եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ հեռուները երթալու կարիքը չկայ ձեր եղած տեղէն քիչ մը հեռանալու համար: Մնացէք մօտը ձեր շրջապատին, հեռու` աղմուկէ, խճողումէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի պիտի տան պարզ բայց կարեւոր առաքելութիւն մը: Հաւատարիմ մնացէք ձեր խոստումին եւ կատարեցէք պատշաճը:

Leave a Reply

Advertisement