Օտար Երկրի Մէջ Բնակող Հայ Մարզիկի Մը Յաջողութիւնը Եւ Գործնական Հայրենասիրութիւնը
By adminx - Sat Aug 04, 6:10 am
- 0 Comments
- 90 views
- Tweet
Email
Print
Ճափոնի մէջ տեղի ունեցող Ք1 մարզաձեւի աշխարհի ախոյեանութեան մէջ հոլանտաբնակ Ռազ Սարգսեան աւարտականին յաղթեց 2010 թուականի աշխարհի ախոյեան ճափոնցի Մասաքի Նոյրիին: Մրցաշարքի կազմակերպիչը Ք1-ի աշխարհի քառակի ախոյեան Էռնեսթօ Հիւսթընն էր: Առաջին ռաունտին Ռազ Սարգսեան մրցակիցին յաղթեց կէտերու առաւելութեամբ, երկրորդին` երկու անգամ իր մրցակիցը նաքաութի ենթարկեց: Երրորդ ռաունտին ճափոնցի մարզիկը նաքաութի ենթարկեց Ռազը, սակայն Սարգսեան մրցումը յաղթեց շնորհիւ կէտերու առաւելութեան: Մրցաշարքի աւարտէն ետք այս մրցամարտը ճանչցուեցաւ լաւագոյնը:
Յաղթանակէն ետք Ռազ Սարգսեան Երեւան մեկնեցաւ: Ան այժմ տասնօրեայ սեմինարներ կը կայացնէ` Եւրոպայի եւ Ճափոնի թեքնիքը հայ մարզիկներուն սորվեցնելու համար:
Լրագրողներուն հետ 2 օգոստոսին ունեցած հանդիպման ատեն Ռազ Սարգսեան այս մասին խօսեցաւ եւ այլ տեղեկութիւններ տուաւ:
Մարզիկը 20 տարեկան է: Մէկ տարեկանին ան ընտանիքին հետ Հոլանտա տեղափոխուած է: 2010-ին Ռազ դարձած է քիքպոքսինկի Եւրոպայի ախոյեան: Ռազ Սարգսեան իր ասպարէզին ընթացքին կատարած է 33 մենամարտեր, որոնցմէ 31-ը յաղթած է, մէկը աւարտած է հաւասար եւ կրած է մէկ պարտութիւն:
Բոլոր մրցաշարքերուն ան ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի դրօշին ներքեւ, սակայն եղած են բազմաթիւ առաջարկներ նաեւ Հոլանտայէն:
Հոկտեմբերին Ռազ Սարգսեան կրկին պիտի մեկնի Ճափոն, ուր պիտի մենամարտի աշխարհի այժմու ախոյեան Տետցույա Եամատոյի հետ: Նոյեմբերին նախատեսուած է մենամարտ Պրազիլի մէջ` այդ երկրի լաւագոյն մարզիկին հետ, իսկ դեկտեմբերին Ռազ Սարգսեան կը մենամարտի Ամսթերտամի մէջ:
Ք1 մարտաոճ է, որուն հիմնական տարրերը առնուած են «Ք» տառով սկսող տարբեր մարտարուեստներէ` քառաթէ, քիքպոքսինկ, քունկ ֆու, քեմպօ, քաքութոքի:
Ք1 մրցաշարքերուն կրնան մասնակցիլ միայն այս մարզաձեւերուն առաւելագոյն յաջողութեան հասած մարզիկները: Ռազ Սարգսեան այդ իրաւունքը ստացած է 2010-ին` քիքպոքսինկի ախոյեան դառնալէ ետք:
Մեզի կը մնայ ուրախանալ, հպարտանալ եւ միշտ յաջողութիւն մաղթել Ռազ Սարգսեանին, որ օտար երկիր բնակելով, Հայաստանի դրօշին ներքեւ կը մասնակցի մրցաշարքերուն եւ հայրենիք այցելելով Եւրոպայի եւ Ճափոնի թեքնիքները կը սորվեցնէ իր հայրենակիցներուն: Օրինակը վարակիչ պէտք է ըլլայ:
Բռնցքամարտի Հայ Նոր Աստղը`
Էրիք Բազինեան
Էրիք Բազինեանը բռնցքամարտի երիտասարդ ախոյեան մըն է: Ան ծնած է 21 մայիս 1995-ին: 14 տարեկանէն սկսեալ կը հետեւի բռնցքամարտի մարզումներու: Հայաստանի մէջ մարզուած է ողիմպիական ախոյեան Վլադիմիր Ենգիբարեանի անուան բռնցքամարտի մարզադպրոցին մէջ, մարմնամարզումի վարպետ Արմէն Յովհաննիսեանի եւ Հայաստանի ախոյեան, Հայաստանի մանկապատանեկան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արման Յարութիւնեանի մօտ:
Ան մասնակցած է բազմաթիւ մրցումներու եւ արձանագրած պատուաբեր յաղթանակներ: 2010 եւ 2011 թուականներուն շահած է Բռնցքամարտի ողիմպիական ախոյեանութիւնը, 75 քիլոկրամ մարզիկներու խումբին մէջ: 2010-ին, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի հիմնադրման 20-ամեակին նուիրուած մրցաշարքին` շահած է առաջնութիւնը, իսկ Հայաստանի բռնցքամարտի աւագ տարիքի պատանիներու առաջնութեան մրցաշարքին` 3-րդ դիրքը: 2011 թուականին, Վլադիմիր Ենգիբարեանին նուիրուած մրցաշարքին շահած է առաջնութիւնը: 2011 թուականին մասնակցած է նաեւ Վրաստանի մէջ կայացած բռնցքամարտի միջազգային մրցաշարքին, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի բռնցքամարտի հաւաքականներու մարզիկներու կողքին եւ գրաւած է առաջին դիրքը:
2011 թուականին իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Քանատա: Քանատայի մէջ ան իր մարզումները կը շարունակէ «Շերպաթով» ակումբին մէջ` հետեւելով Էրնի Շերպաթովի եւ Պորիս Շերպաթովի ցուցմունքներուն: 2011 թուականին, Էրիք Բազինեանը Մոնրէալի մէջ իր առաջին մենամարտը կ՛ունենայ: 2012 թուականի ապրիլին ան կը մասնակցի «Փրանտ եղբայրներ» բռնցքամարտի ակումբի մրցաշարքին, պարտութեան կը մատնէ Քանատայի ախոյեանը եւ կ՛արժանանայ երեկոյի «ամենալաւ բռնցքամարտիկ» տիտղոսին: 2012 թուականի մայիսին, երեք յաղթանակներէ ետք, կը տիրանայ Քեպեք նահանգի «Ոսկէ ձեռնոց»-ին:
Ներկայիս, Էրիք Բազինեան կը մարզուի` մասնակցելու հոկտեմբերին կայանալիք Քեպեք նահանգի բռնցքամարտի հաւաքականի ընտրութեան: Անոր մեծ փափաքն է դառնալ Քանատայի ախոյեան եւ մասնակցիլ ողիմպիական խաղերուն եւ բարձր պահել Հայաստանի անունն ու դրօշը:
- 0 Comments
- 90 views
- Tweet
Email
Print



