Դրուագներ Ողիմպիականէն
By adminx - Sat Aug 04, 6:05 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
Վրացի Մարզիկը Փախաւ Ողիմպիական Աւանէն
Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մասնակցած վրացի ժիւտոյիստ Պեքթիլ Շուկվանի փախաւ Ողիմպիական աւանէն, որովհետեւ Վրաստանի մարմնակրթութեան նախարարին տեղակալը սպառնացած է իրեն:
Ըստ մարզիկին, խաղերու առաջին իսկ օրէն Վրաստանի պատուիրակութեան ղեկավարները հոգեբանական ճնշում կը բանեցնեն իր վրայ: Նախարարին տեղակալը հրապարակաւ վիրաւորած է Շուկվանին:
«Ես Վրացական Երազ կուսակցութեան ղեկավարին համախոհն եմ: Ողիմպիական խաղերէն առաջ, ես Վրաստանի մարմնակրթութեան նախարարին եւ անոր տեղակալին յայտնած էի, որ յաղթանակի պարագային իմ մետալս պիտի նուիրեմ Վրաստանի ընդդիմութեան: Երկրորդ հանգրուանին կրած պարտութենէս ետք ինծի յայտնեցին, որ Ողիմպիական աւանին մէջ մեր փոխնախարարը իր 10 ընկերներուն հետ կ՛ուզէ զիս ծեծել: Ես ստիպուած էի իմ խրուաթ ընկերոջս օգնութեամբ Լոնտոնէն Թիֆլիս վերադառնալ», ըսաւ Շուկվանի:
Նշենք, որ Շուկվանի միակ վրացի մարզիկն էր, որուն մրցումը չցուցադրեց Վրաստանի պատկերասփիւռը:
Մրցումի՞ Մասնակցիլ, Թէ՞ Ծեծկռտուքի
Թիավարութեան Աւստրալիոյ ողիմպիական հաւաքականի 21-ամեայ մարզիկ Ճոշուա Պութ կալանաւորուեցաւ եւ Լոնտոնի ոստիկանութիւն փոխադրուեցաւ` վաճառատուներէն մէկուն մէջ ծեծկռտուքի մասնակցելուն համար: Պութ եղած է գինովցած վիճակի մէջ: Վաճառատան յաճախորդներուն հետ վիճաբանելէ եւ հարուածներ փոխանակելէ ետք ան կոտրած է ցուցափեղկին ապակին:
Ա՛յ մարդ, դուն առեւտո՞ւր ընելու եկար, թէ՞…
Ազրպէյճանցիին Խայտառակ
Յաղթանակը Չեղեալ Նկատուեցաւ
Ողիմպիական խաղերու բռնցքամարտի մրցաշարքին` ազրպէյճանցի Ապտուլ Համիտովի յաղթանակը ճափոնցի Շիմիձուի դէմ չեղեալ յայտարարուեցաւ Սիրողական բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասիոնին (AIBA) կողմէ:
Իրաւարարներուն որոշումով յաղթանակը շնորհուած էր ազրպէյճանցի մարզիկին` 22-17 արդիւնքով: Սակայն վերջին ռաունտին Ապտուլ Համիտով քանի մը անգամ տապալած է: Իսկ իրաւարարը նոյնիսկ մէկ անգամ նաքտաուն չէ արձանագրած:
Ճափոնական կողմը բողոքարկեց որոշումը եւ ատիկա բաւարարուեցաւ:
Ֆետերասիոնի որոշումին մէջ կ՛ըսուի. «Իրաւարարը առնուազն երեք անգամ պէտք է հաշիւ բանար վեց անգամ ինկած Ապտուլ Համիտովին: Իրաւարարը պէտք է դադրեցնէր մենամարտը եւ յաղթական հռչակէր ճափոնցի բռնցքամարտիկը»: Թիւրքմեն իրաւարարը որակազրկուեցաւ եւ Ազրպէյճանի ֆետերասիոնի փոխնախագահը վտարուեցաւ Լոնտոն: Բռնցքամարտիկ Մահոմետ Ապտուլհամիտով իր անուն-մականունին նման բարդ յաղթանակը… չկրցաւ պահել:
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print



