Thursday May 23, 2013

Յառաջիկայ Օրերուն Հայ Սկաուտութիւնը Հանդիսաւորապէս Պիտի Նշէ Իր 100-Ամեակը

By adminx - Sat Aug 04, 7:52 am

Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում կազմակերպութիւնը (ՀԱՍԿ) 2012-ին կը նշէ Հայկական սկաուտութեան 100-ամեակը:

Տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին 3-11 օգոստոսին Բիւրականի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային սկաուտական բանակում, որուն պիտի մասնակցին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ գործող տարբեր հայկական սկաուտական կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ պատուիրակութիւններ` Համաշխարհային սկաուտական շարժման անդամ պետութիւններու ազգային սկաուտական կազմակերպութիւններէն:

Բանակումի հանդիսաւոր բացման, այլ հիւրերու կողքին, ներկայ պիտի գտնուին 32 միլիոն անդամ ունեցող Համաշխարհային սկաուտական շարժման ընդհանուր քարտուղար Լիւք Փանիսոտ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Բանակումը տեղի պիտի ունենայ ՀԱՍԿ-ի նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով: Բանակումին նիւթապէս աջակցած է նաեւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը:

Տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու շարքի բացման հանդիսաւոր երթը տեղի պիտի ունենայ այսօր` Ազատութեան հրապարակին վրայ: Պիտի գործադրուի հետեւեալ յայտագիրը.

1) Քայլերթ Հիւսիսային պողոտային վրայ:

2) Բանակումի հանդիսաւոր բացում:

3) Մասնակիցներու այցելութիւնը դէպի Ծիծեռնակաբերդ:

4) ՀԱՍԿ-ի գրասենեակի բացման արարողութիւն:

 

Leave a Reply

Advertisement