Wednesday May 22, 2013

«Արմաւիա»-ի Առաջին Արտակարգ Թռիչքով Հայաստան Եկան 50 Հալէպահայեր

By adminx - Sat Aug 04, 7:51 am

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ նախանցեալ երեկոյեան «Արմաւիա»-ի արտահերթ թռիչքով Հայաստան ժամանեցին 50 սուրիահայեր: Ասիկա «Արմաւիա» ընկերութեան յայտարարած լրացուցիչ առաջին թռիչքն էր:

«Արմաւիա»-ի միջոցներով իրականացուող լրացուցիչ թռիչքի տոմսերուն գիները չեն նուազած` անոնք կը տատանին 117,000 դրամէն մինչեւ 192,000 դրամ: Մինչդեռ, Սուրիայէն ժամանողները կ՛ըսէին, որ Հալէպի մէջ ծախուող «Արմաւիա»-ի տոմսերը տարբեր գործակալութիւններ, առիթէն օգտուելով, աւելի բարձր գինով կը ծախեն:

Հալէպէն ժամանակաւորապէս ընտանիքով Հայաստան տեղափոխուեցաւ հալէպաբնակ Աբրահամ Վազիրեան: Ընտանիքը պիտի բնակի հարազատներու տունը:  Անոր կինը` Անի Մուկուչեան ըսաւ, որ բազմաթիւ հալէպահայեր կ՛ուզեն փոխադրակառքերով Հայաստան տեղափոխուիլ, բայց կը վախնան, քանի որ ցամաքային ճամբան դէպի Հայաստան վտանգաւոր է: Այր եւ կին կը պատմեն Հալէպի մէջ շարունակուող կրակոցներու, ծեծի, սպանութիւններու մասին:

Արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներով, այս տարուան 7 ամիսներուն Հայաստանի մուտքի 3000 այցեգիր տրուած է Սուրիոյ քաղաքացիներուն:

Leave a Reply

Advertisement