Thursday May 23, 2013

Շարպել Ընդունեց Աքիլան

By adminx - Sat Aug 04, 7:46 am

Աքիլա եւ նախարար Շարպել

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յատուկ Միջազգային դատական ատեանին պատկանող հետաքննութեան յանձնախումբի Պէյրութի պատասխանատու Վալերիօ Աքիլան, որուն հետ քննարկեց ներքին գործոց նախարարութեան եւ Միջազգային դատական ատեանին միջեւ գործակցութեան մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, Շարպել հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ երեսփոխաններ Զիատ Ասուատի եւ Հատի Հպէյշի, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Մանսուր Պոնի հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւններն ու բարգաւաճման վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Շարպել հարաւային Լիբանանի մէջ պիտի նախագահէ նահանգին ապահովութեան հսկող խորհուրդին նիստին:

Leave a Reply

Advertisement