Sunday May 19, 2013

Սինիորա. «Սուրիացի Քաղաքացիներուն Արտայանձնումը Վտանգաւոր Նախընթաց Է»

By adminx - Sat Aug 04, 7:39 am

Էխհորեսթ` Սինիորայի հետ հանդիպման ընթացքին: Նկարին մէջ կ՛երեւին նաեւ երեսփոխաններ Ֆուատ Սաատ եւ Մարուան Համատէ

Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որոնց հետ քննարկեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ սուրիական իշխանութիւններուն 14 սուրիացի քաղաքացիներուն արտայանձնումին հարցը: Սինիորա շեշտեց, որ այդ քայլը վտանգաւոր նախընթաց մը կը նկատուի, որովհետեւ անիկա կը փաստէ, թէ լիբանանեան իշխանութիւնները տակաւին կ՛ենթարկուին Սուրիոյ վարչակարգին բանեցուցած ճնշումներուն:

Սինիորա կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` հարց տալու անոնց ճակատագիրին մասին:

Leave a Reply

Advertisement