Sunday May 26, 2013

Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Վերսկսին Այս Ամսուան Վերջաւորութեան

By adminx - Sat Aug 04, 7:32 am

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն յայտնած է, որ Թեհրան պատրաստ է օգոստոսի վերջը «5+1»-ին (Ապահովութեան խորհուրդի հինգ անդամներ+Գերմանիա) հետ իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն վերսկսելու:

Ան շեշտած է, որ Իրանի Ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի ղեկավարը ընդունած է այս առաջարկը:

«Ես դոկտ. Ճալիլիին առաջարկած եմ անհրաժեշտ մտորումներէ ետք այս ամսուան վերջը վերսկսելու քննարկումները, եւ ան համաձայնած է», ըսած է Էշթըն:

Սակայն ան չէ յստակացուցած, թէ բանակցութիւնները ի՛նչ ձեւաչափով պիտի ընթանան, հեռախօսայի՞ն, թէ՞ անձնական հանդիպումի:

Իրանի եւ «5+1»-ի միջեւ բանակցութիւններու վերջին փուլը տեղի ունեցած էր Պոլսոյ մէջ` 24 յուլիսին:

Leave a Reply

Advertisement