Tuesday Jun 18, 2013

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արի Տուն

By adminx - Sat Aug 04, 5:44 am

Կ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

«Արի տուն»…

Շատ գեղեցիկ, գրաւիչ եւ արտայայտիչ կարգախօս մը, որ վերածուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ծրագիրներէն մէկուն անուանումին:

Արդեօք ո՞ր հայը պիտի չուզէր «տուն երթալ»` առնուազն տարին անգամ մը: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կ՛ուզէ երթալ հայրենիք, վայելել հայրենի բնութիւնը, այցելել տեսարժան, պատմական վայրերը, կապ հաստատել հայրենաբնակ ժողովուրդին հետ, կիսել անոնց ցաւերը, բաժնեկցիլ ուրախութիւնը, բարոյապէս աջակցիլ հայրենիքին, թէկուզ շատ համեստ միջոցներով` տնտեսապէս նպաստել Հայաստանին եւ իրազեկ դառնալ Հայաստանի իրադարձութիւններէն` գետնի վրայ ապրելով այդ բոլորը:

Այս բոլորը` շա՛տ լաւ: Սակայն այս բոլորը ընելու համար, այս բոլորին սկզբնական հանգրուանին հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ` ինչպէ՞ս: Բնական է, որ առաջին հանգրուանին պէտք է դիմել ճամբորդական գրասենեակ մը` օդանաւային տոմս ապահովելու համար: Կ՛երթաս գրասենեակ, պաշտօնեան քեզի կը ներկայացնէ «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան դէպի Հայաստանի տոմսին սակը, որուն մասին լսելով` արդէն գլխապտոյտ կ՛ունենաս, որովհետեւ գիները կը հասնին շուրջ 800 տոլարի: Բնականաբար կը սկսիս մտածել այլընտրանքներու մասին, որովհետեւ  առաջարկուածը ինքնին անբնական է: Պաշտօնեան կը ներկայացնէ այլ օդանաւային ընկերութեան մը տոմսը` նշելով սակը: Աստուա՛ծ իմ, ի՞նչ է այս, կը մտածես, իսկ երբեմն ալ անզգալաբար կը պոռթկաս, գրեթէ կէ՞ս գինը (մօտաւորապէս 450 տոլար): Անմիջապէս կը գնես օտար ընկերութեան տոմսը` գիտակցելով հանդերձ, որ մօտաւորապէս տասներկու երկար ժամեր ետք, երկու օդանաւ փոխելով, յոգնած-սպառած Երեւան պիտի հասնիս` մէկ թռիչքով երկու ժամէն հասնելու փոխարէն: Այս տաղտուկը յանձն կ՛առնես, որովհետեւ եթէ մէկ անձէ աւելի ես յատկապէս, արդէն բաւական կոկիկ գումար մը խնայած կ՛ըլլաս, այդ ալ` արդարօրէն:

***

Սակայն մէջդ հարցում մը կը շարունակէ մուրճի նման հարուածել: Ինչո՞ւ հայկական օդանաւային ընկերութեան սակերը այդպէս բարձր են. մենաշնորհի՞ հարց է (այդպէս ըլլալու է): Հարցումը կ՛ուղղուի հայրենի իշխանաւորներուն: Եթէ կ՛ուզեն, որ հայերը, այս պարագային` խօսինք լիբանանահայութեան մասին, Հայաստան այցելեն, եթէ «Արի տուն»-ի կոչերը իսկապէս կ՛ուզեն իրականութիւն դառնան, պէտք է այս հարցը լրջօրէն հետապնդուի եւ բարւոք լուծում մը գտնուի անոր: Հայրենիք այցելելու երազով ապրած եւ զայն իրականացնելու փափաք ունեցող ամէն հայորդի չի կրնար միայն տոմս ձեռք ձգելու համար այդքան մեծ գումար վճարել: Ինչո՞ւ զրկել զանոնք Հայաստան այցելելու արդար իրաւունքէն: Ասիկա մեր բոլորին հայրենիքն է: Կայ նաեւ հարցին միւս երեսը. ինչո՞ւ հայերը իրենց հայրենիքը փոխադրելու համար օտար օդանաւային ընկերութիւններ պիտի շահի, թող հայկականը գիները յարմար ընէ ու ի՛նք շահի: Տակաւին չենք խօսիր օտար ընկերութեան ընձեռած բարիքներուն մասին, որոնց մէջ հիմնական է այն, որ կարելի է մէկ շաբաթէն աւելի նուազ Հայաստան մնալ, մինչ «Արմաւիա» միայն շաբաթը անգամ մըն է, այսինքն կա՛մ մէկ շաբաթ, կա’մ երկու շաբաթ պէտք է մնաս:

Մենք կ՛ուզենք մեր` հայկականով ճամբորդել եւ հպարտութեամբ լեցուիլ այս առիթով, մի՛ զլանաք այդ իրաւունքը տալ մեզի:

«Արի տուն», այո՛, բայց հայկականով:

 

 

Leave a Reply

Advertisement